Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Թաշքենտի մէջ մասնակցած է «Վալտայ» քննարկումներու միջազգային ակումբի եւ Ուզպեքիստանի նախագահին կից Ռազմավարական եւ միջշրջանային հետազօտութիւններու հիմնարկին կազմակերպած խորհրդաժողովին, որուն ծիրին մէջ անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան եւ յառաջիկային նախատեսուող հանդիպումներուն:
«Չէի ըսեր, թէ Մինսքի խմբակը աշխատանք չի տանիր: Հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին, թերեւս ոչ այդքան հանրային կերպով, սակայն կան: Եւ Մինսքի խմբակի մեր համանախագահը այցելած է Պաքու եւ Երեւան, այնտեղ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակով», ըսած է Ռուտենքօ` աւելցնելով, որ յառաջիկային հանդիպումներ կը նախատեսուին Մինսքի խմբակի հովանիին տակ:
«Ներկայ պահուն համանախագահներու եռեակը կը նախատեսէ հանդիպում ունենալ Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ. հանդիպումներ իրարու հետ եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ատիկա լաւ նշան պիտի ըլլայ, որ երկու երկիրներու միջեւ լուծման հոլովոյթը գործնականին մէջ կ՛ուրուագծուի: Մենք կը շարունակենք Մինսքի խմբակը նկատել իբրեւ կարեւոր գործիք` խաղաղ հոլովոյթի ուղիով շարժելու համար», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը` պատասխանելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համանախագահներու հովանիին տակ կողմերուն միջեւ հաւանական հանդիպման մասին հարցումին: