Եւրոպական Միութիւնը բարձր կը գնահատէ գործող ձեւաչափերու ծիրին մէջ «ձգձգուող» տագնապներու, որոնց շարքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի ջանքերու ամրապնդման սատարելու Իտալիոյ ձգտումը: Այս մասին կ՛ըսուի ԵԱՀԿ-ի մէջ Եւրոպական միութեան առաքելութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Այդ յայտարարութիւնը հրապարակուած է ի պատասխան ԵԱՀԿ-ի նոր գործող նախագահ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոյի յայտարարութեան:
ԵԱՀԿ-ի նոր գործող նախագահը` ներկայացնելով 2018 թուականի ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ծիրին մէջ իր երկրին առաջնահերթութիւնները, ըսած էր, որ ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ աջակցիլ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին:
Եւրոպական Միութեան առաքելութենէն ընդգծած են, որ ԵԱՀԿ-ի տարածքին գոյութիւն ունեցող «ձգձգուող» տագնապները, ինչպէս նախապէս, կը գտնուին միութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
«Մենք բարձր կը գնահատենք Իտալիոյ` գործող ձեւաչափերու ծիրին մէջ տուեալ տագնապներու լուծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան հետագայ ամրապնդման հարցին մէջ յանձնառութիւնը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: