ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Կէորկի Ծերեթելի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու կոչ ուղղեց: Ան ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչ ըրաւ՝, ի շահ՝ քաղաքացիական բնակչութեան:
Ծերեթելի նշեց, թէ լիովին կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ Ֆրանսայի,Ռուսիոյ եւ Մ. Նահանգներու, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներու նախագահներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն կոչերուն՝ դադրեցնել կրակը:
Միւս կողմէ, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի վերահսկիչ յանձնաժողովը քննադատեց հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ հրահրող հռետորաբանութիւնը եւ մագլցողական գործողութիւնները դարեցնելու կոչ ըրաւ Անգարային: