Ինչպէս ծանօթ է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան կը գտնուի Մոսկուա: Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ պաշտօնական հանդիպումներու ծիրին մէջ, այսօր՝ երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին, ան հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: Հանդիպումին հեռախօսով մասնակցեցաւ Ֆրանսայի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին:
Մնացականեան ընդգծեց, թէ Ազրպէյճան անտեսելով զինադադարի համատեղ յայտարարութիւնը, մինչեւ օրս կը շարունակէ յարձակումները:
Վերոյիշեալ հանդիպումին լոյսին տակ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով(Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի(Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆեր (Մ. Նահանգներ) անյապաղ զինադադարի կոչ մը ուղղեցին հակամարտութեան կողմերուն: