ՖՐԵԶՆՕ.- 26 Յունուարին, «Ֆրեզնօ Պի» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, Գուրգէն Եանիքեանի դատավարութեան ընթացքին շրջանային դատախազը՝ Տէյվիտ Մինիըր, կը գրէ, թէ ինք կը զղջայ Եանիքեանը բանտարկութեան դատապարտելուն համար, որովհետեւ ան այլապէս կրնար ըլլալ «արդարութեան անմահ խորհրդանիշ մը»։
Յիշեցնենք, որ 27 Յունուար, 1973-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Եանիքեան Սանթա Պարպարայի մէջ ահաբեկած էր երկու թուրք դիւանագէտներ, լուսարձակի տակ առնելու համար Ցեղասպանութեան պատմութիւնը։ Ան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ եւ մահացաւ 1984ին։
Դատախազ Տէյվիտ Մինիըր կը նշէ, թէ ինք եւս, 1921-ին Սողոմոն Թեհլիրեանը անպարտ արձակած գերմանական ատեանին օրինակով, պէտք էր նպաստէր Եանիքեանի ազատ արձակման, սակայն դժբախտաբար յանդգնութիւնը չէ ունեցած նման քայլ մը առնելու։ Ան նաեւ կը պատմէ, թէ Եանիքեան կրցած է Ցեղասպանութեան իր ականատեսի վկայութիւնները տալ դատավարութեան ընթացքին՝ աւելցնելով, որ վեց օրերու վրայ երկարած անոր հայերէն վկայութիւնները օրին անգլերէնի թարգմանած էր Ուիլեըմ Սարոյեանի հօրեղբայրը՝ Արամ Սարոյեան։
Մինիըր յօդուածին մէջ նաեւ կը յիշէ, որ Եանիքեանի պաշտպան փաստաբան Վազգէն Մինասեան զինք փորձած էր համոզել, թէ Եանիքեանը ազատ արձակելով՝ ատեանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող քայլ մը առած պիտի ըլլար, սակայն ինք եւ դատակազմը նախընտրած են օրէնքին տառացիօրէն հետեւիլ։