Եգիպտական «Ալ Ահրամ» հրատարակչութեան «Տիուան» ամսաթերթը ապրիլի համարին մէջ լայն եւ ուրոյն անդրադարձ կատարած է Հայկական հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթին, համաշխարհային հռչակ վայելող հայերուն։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայ դատի Եգիպտոսի յանձնախումբէն։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Թիւին մէջ «Շնորհակալութիւն Եգիպտոս» խորագրուած յօդուած ստորագրած է եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, իսկ պատմաբան Մոհամմէտ Ռէֆհաթ էլ Իմամ լայնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան՝ «Եգիպտոս Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վկան» խորագրուած ակնարկով։
Պատշաճ ծանօթագրութեամբ մը պարբերականի այս թիւին մէջ հրապարակուած է Անդրանիկ Ծառուկեան «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութեան առաջին բաժինի արաբերէն թարգմանութիւնը, առանց նշելու թարգմանիչի անունը։ Նորութիւն մը նման հրատարակութիւններու համար։
Ցեղասպանութեան մշակութային արձագանգներէն անդրադարձ կատարուած է նաեւ օրին Ամերիկայի մէջ արտադրուած երկու ֆիլմերու՝ Ravished Armenia (1919 թուական) և 1896-ին Պոլսոյ մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման հետեւած կոտորածին նուիրուած EMC ընկերութեան 1901-ին արտադրած ֆիլմին, որ թէեւ գոյութիւն չունի այսօր, սակայն ընկերութեան արտադրած ֆիլմերու կատալոգին մէջ պատկերաւոր նկարագրութիւնը թարգմանած ու հրատարակած է պարբերականը։
Հետաքրքրական է պարբերականի խմբագրութեան պատրաստած մուտքի յօդուածը՝ «Հայոց կոտորածը. ոճիր զոր չի սրբեր ժամանակը… իսկ մշակոյթը կը շարունակուի». թէեւ վերջին հազարամեակով սահմանափակուած է հայոց պատմութեան անդրադարձը, սակայն Հայաստանէ՛ն բռնագաղթի մասին ակնարկը հետաքրքրական կը դարձնէ զայն»։