Արաբ լրագրող Աթա Տարղամ հարցազրոյց մը ունեցած է Ռազմական Թղթակից, Յորդանանցի Քաղաքական Մտածող Միշէլ Հաննա Ալ-Հաճի հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Թեմայով:
–Ըստ Ձեզ աշխարհը ինչպէ՞ս կ’ընկալելէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի իրողութիւնը: Կը կարծէ՞ք Թուրքիան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
-Չեմ կարծեր, որ Թուրքիան ինքն իրեն կամ Օսմանեան իշխանութեան պատասխանատու կը համարէ հայերու նկատմամբ կատարուած նախճիրի հարցին մէջ, քանի որ այժմ իսլամական կուսակցութիւնը կ’իշխէ երկրին մէջ:
-Արդեօ՞ք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողանի հնչեցուցած ներողութիւնը կարելի է համարել 1915 թ. հայերու ջարդերու պաշտօնական ճանաչում Թուրքիոյ կողմէ կամ պարզապէս այդ հարցը շրջանցելու միջոց է:
-Էրտողանի ներողութիւնը երբեք չի համարուիր ճանաչում կամ հայերու դէմ կատարուածի բաւարար դատապարտում: Սակայն կը կարծեմ, որ այս հարցը այլ ընթացք կը ստանայ, երբ այժմեան իսլամական իշխանութիւնը փոխարինուի աշխարհիկ իշխանութեամբ: Գուցէ եւ այդ ժամանակ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հարկ կը համարեմ նշել, որ թուրքերը արաբներու նկատմամբ եւս ջարդեր կազմակերպած են չորս դար շարունակ կրօնի քօղի տակ:
–Արդեօ՞ք Թուրքիան կը դառնայ Եւրոմիութեան անդամ, եթէ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
-Կ’ենթադրեմ` ոչ: Եւրոմիութեան բոլոր երկիրները աշխարհիկ հայեացքներ կը քարոզեն, մինչդեռ Էրտողան կրօնը կ’ընդունի իբրեւ իշխանութեան հիմք: Առաւել եւս այն, որ բոլոր եւրոպական երկիրներու մէջ պաշտօնափոխութեան գործընթացը կ’ընթանայ իր բնական հունով մինչդեռ Էրտողան կը ցանկայ չարաշահել իր վարչապետի պաշտօնը: Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան ան չի կրնար երրորդ ժամկէտը իրականացնել նոյն պաշտօնին մէջ, այդ իսկ պատճառով կը փորձէ վերափոխել սահմանադրութիւնը աւելցնելով նախագահի լիազօրութիւնները եւ առաջադրուիլ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն: Այսպիսով ան կը մենաշնորհէ այդ պաշտօններու օրէնքով սահմանուած լիազօրութիւնները:
-Եգիպտոսի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնա՞յ խթան հանդիսանալ այլ արաբական երկիրներու որպէսի նոյնպէս ճանչնան այդ եղերնագործութիւնը հաշուի առնելով այն, որ Եգիպտոս քաղաքականապէս ծանրակշիռ երկիր է:
-Ամենայն հաւանականութեամբ Եգիպտոսի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ որոշ արաբական երկիրներու վրայ: Աստուած ողորմի բոլոր հայ, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի նահատակները: Հայերը առաջին համաշխարհային պատերազմի զոհերն էին, իսկ պաղեստինցիները երկու աշխարհամարտներու զոհն են: Կ’առաջարկեմ հայերուն եւ պաղեստինցիներուն միահամուռ ուժերով ստեղծել միութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն համայն աշխարհին երկու ազգերու դատը` պահանջելով արդարութիւն:
Թարգմանութիւնը՝ «Հայերն Այսօր»ի