2011-ին՝ բանակին հովանաւորութեամբ նախագահ Մուպարաքը իշխանութենէն հեռացնելու շարժումին եւ այսօրուան յեղաշրջումին միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական հակասութիւններէն մէկը ՝ մերօրեայ Եգիպտոսը արդէն պարարտ հող դարձած է յեղափոխութեան: 2011-ին ժողովուրդը անտեղեակ էր, որ Մուհամմէտ Մորսի եւ Իսլամական Եղբայրակցութիւնը, ժողովուրդին պահանջները իւրացնելով, պիտի ոտնակոխեն աշխարհիկ հոսանքներուն իրաւունքները: Ժողովուրդը կը մնայ վճռական եւ ետդարձի ճանապարհներ չկան քաղաքական իսլամին առջեւ:
Եգիպտոսի յեղաշրջումը ինքնաբերաբար իր արձագանգը եւ հետեւանքները պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ: Սէուտական Արաբիա, Սուրիա, Ալճերիա, Թունուզ, Քուէյթ եւ յատկանշականօրէն՝ Քաթար, ողջունեցին Մորսիի հեռացումը: Յեղաշրջումին դէմ մեծագոյն քննադատութիւնը եկաւ Անգարայէն: Գահիրէի զինուորական յեղաշրջումը ցնցած է Թուրքիան: Վարչապետ Էրտողան՝ իր վարչակարգին դէմ լուրջ նախազգուշացում կը տեսնէ Եգիպտոսի զինուորական յեղաշրջումին մէջ: Ճիշդ այդ պատճառով, արձակուրդը լքելով անմիջապէս վերադարձաւ Անգարա: Ին՞չ կրնայ ըլլալ Էրտողանի վիճակը, երբ բանակը եւ Թաքսիմի ցուցարարները համախմբուին…: Անոր յայտնապէս կը զարմացնէ Արեւմուտքին եւ Եւրոպայի լռութիւնը ՝ Եգիպտոսի զարգացումներուն հանդէպ: Նոյնիսկ յեղաշրջում կոչելու ամենադոյզն դատապարտումը չլսուեցաւ արեւմտեան մայրաքաղաքներէն, բացի՝ վայրագութիւնները դատապարտելու աւանդական յայտարարութիւններէն: Փաստօրէն Գահիրէի մէջ պատահածը կրնայ կրկնուիլ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ, Արեւմուտքին աչքերուն առջեւ: Այսօրուան դրութեամբ, երբեք անհաւանական չէ, որ քուէատուփերու միջոցաւ մեծամասնութիւն գոյացուցած Էրտողանի՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը իյնայ Թաքսիմի ցուցարարներուն եւ բանակին առջեւ: Էրտողանի անհանգստութիւնը արդար է, որովհետեւ Թաքսիմի ցոյցերը առ այսօր կը շարունակուին, իսկ անոր կուսակցութիւնը հազիւ թէ պիտի յաջողի յաղթահարել Թաքսիմի ցոյցերուն հետեւանքները: Էրտողան՝ արտաքին միջամտութիւններու կը վերագրէր Թաքսիմի հաւաքները: Անոր կարծիքով, Մորսին նոյնպէս արտաքին դաւադրութեան մը զոհն էր: Իշխանութեան հովանաւորութիւնը վայելող թրքական օրաթերթերը ամենօրեայ «բացայայտումներ» կը կատարեն Եգիպտոսի նոր իշխանութիւններուն եւ Արեւմուտքին դէմ…:
Խորամանկ Էրտողան անմիջապէս փորձեց բարոյական օգուտներ քաղել Եգիպտոսի զարգացումներէն: Թուրքիոյ վարչապետը սկսաւ յոխորտալ, թէ Թաքսիմի զոհերուն թիւը շատ համեստ էր, համեմատած Գահիրէի զոհերուն: Այս կարճաժամկէտ եւ աժան քարոզչութիւնը կը միտի սիրաշահիլ բանակը, միաժամանակ վերականգնել՝ իր կուսակցութեան կորսնցուցած վարկը: Էրտողան նաեւ սկսաւ շեշտել, թէ Մոհամմէտ Մորսի եւ Իսլամական Եղբայրակցութիւնը միայն ընտրութեանց արդինքի տակ պէտք է հեռանան իշխանութենէն: Այս մէկը եւս «պատգամ» մըն է անոր հակառակորդներուն:
Մորսիի հեռացումը առյաւէտ մոռացութեան պիտի մատնէ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլուի՝ Թուրքիա- Եգիպտոս առանցք մը ստեղծելու երազը: Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Իսլամական Եղբայրակցութեան փայփայած գաղափարախօսական, ռազմավարական եւ քաղաքական առանցք ստեղծելու տարիներու երազը, ի վերջոյ փուլ եկաւ: Թուրքիա բաւական լուրջ յանձնառութիւններ ստանծձած էր այս ուղղութեամբ: Մինչ Միջազգային Ելեւմտական Հիմնադրամը կը մերժէր Եգիպտոսին շնորհել 4.8 միլիառ տոլարի վարկ մը, Թուրքիա իշխանական՝ մէկ միլառ տոլարի, երկարաժամկէտ վարկ մը տրամադրեց իր դաշնակիցին: Էրտողան մնայուն կը պաշտպանէր Մորսիի քաղաքականութիւնը, Եգիպտոսի օրինակով կը շեշտէր իսլամի եւ ժողովրդավարութեան համատեղելիութիւնը…: Մորսիի մեկնումով, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան շրջագիծը յայտնապէս կրճատուեցաւ:
Իսլամական Եղբայրակցութեան հեռացումը Եգիպտոսի իշխանութենէն իր անմիջական ներազդեցութիւնը պիտի ունենայ Սուրիոյ հանդէպ Անգարայի վարած քաղաքականութեան վրայ: Անառարկելի իրողութիւն մըն է, որ Եգիպտոսի զարգացումները նոր եռանդ ներշնչեցին Դամասկոսին: Յեղաշրջումին երկրորդ օրը վերաբացուեցաւ Գահիրէի մօտ Սուրիոյ դեսպանատունը:
Թուրքիա միաժամանակ ստիպուած է վերանայելու Համասի հետ յարաբերութիւնները: Եգիպտոսի յեղաշրջումին առաջին հետեւանքներէն մէկը, Էրտողանի Կազա այցելութեան ջնջումն էր:
Լիբանանի սալաֆիսթները դժգոհ են Մորսիի հեռացումէն: Մորսիի հեռացումին մէջ անոնք կը նախազգան քաղաքական իսլամին մեկուսացումը: Սալաֆիսթները միաժամանակ յուսախաբութիւն կ’ապրին, որովհետեւ նոյնիսկ արաբական գարունը կը մերժէ բացարձակ իշխանութիւն շնորհել անոնց:
Շրջանային պետութիւններու մէջ, Եգիպտոսի իշխանափոխութենէն հիմնական օգտուողը պիտի ըլլայ Իրանը՝ յատկապէս Սուրիոյ հակամարտութեան պարագային: Մորսի ոխերիմ հակառակորդ մըն էր Սուրիոյ վարչակարգին: Իսլամական Եղբայրակցութեան եւ Սիւննի քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ Մորսիի սերտ գործակցութիւնը վտանգաւոր օղակ մը ստեղծած էին Սուրիոյ շուրջ: Մորսիի ելոյթները մնայուն մտահոգութիւն կը պատճառէին Թեհրանին: Այսօր, ով ալ փոխարինէ Մորսին, նոյնօրինակ կշիռ եւ հեղինակութիւն պիտի չունենայ Սուրիոյ զարգացումներուն, Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան եւ իսլամական աշխարհին մէջ: Իրան նաեւ պիտի վերստանձնէ Կազայի խաղատոմսը: Մորսիի իշխանութեան առաջին հարուածը ստացողները Թեհրանն ու Դամասկոսը դարձան, երբ Համաս՝ Դամասկոսի փոխարէն Գահիրէն ընտրեց իր կեդրոնատեղին: Անոր մեկնումէն ետք, Համասին կը սպասէ մեկուասացում, որուն հետեւանքով ինքնաբերաբար նոր վերելք պիտի ապրին Թեհրան- Համաս, Դամասկոս- Համաս փոխյարաբերութիւնները:
Մորսիի մեկնումը միաժամանակ Քաթարի կարեւոր մէկ դաշնակիցին կորուստն էր: Այս զարգացումը նոյնպէս նպաստաւոր պիտի ըլլայ Թեհրանին: Բոլորովին անսպասելի յայտարարութեամբ մը, Քաթարի նոր իշխանը զօրակցութիւն յայտնեց եգիպտական բանակին քայլերուն…: Բայց բոլորէն աւելի մեծ խանդավառութիւնը Իրանի պարագային՝ Եգիպտոսի յեղաշրջումը ուղղակի չդատապարտելու նախագահ Պարաք Օպամայի դիրքորոշումն էր: Նախագահ Օպամայի տատամսոտ յայտարարութիւնները, ի դերեւ հանեցին Ուաշինկթընի վստահող հոսանքներուն ակնկալութիւնները:
Լիբանանի պարագային, մեր քաղաքագէտները կրնան մէկ բանի շուրջ վստահ ըլլալ, որ բարձր քաղաքականութեան խաղեր տեղի կ’ունենան Միջին Արեւելքի մէջ: Հետեւաբար, նախընտրելի պիտի ըլլայ հրաժարիլ այլոց ներկայացուցիչները ըլլալու տխուր իրողութենէն եւ միասնաբար, առանց նախապայմաններու՝ Լիբանանը նուազագոն վնասներով դուրս բերել շրջանային փոթորիկներէն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ