Գարնանային արեւահարութիւն կամ՝ արաբական ամլութիւն, ինչպիսի բնորոշում ալ փորձենք տալ Եգիպտոսի զարգացումներուն, ախտավարակ արաբական աշխարհը իւրաքանչիւր օր քիչ մը աւելի կը խրի տնտեսական, ընկերային, համայնքային եւ քաղաքական տարանջատումներու գիրկը:
Ժողովրդավարական գործընթացով ընտրուած Եգիպտոսի առաջին նախագահ Մոհամմէտ Մորսիի դէմ յեղաշրջումը ցնցած է աշխարհը: Արաբական աշխարհի ամենահոծ բնակչութեամբ երկրին մէջ կը տիրէ քաոս եւ անորոշութիւն: Երկիր մը, որ տակաւին ոչ շատ հեռու անցեալին, կոչուած էր վճռելու Միջին Արեւելքի պատերազմի եւ խաղաղութեան ելքը, ամպրոպահար եղած է այսօր՝ տարակուսանքի փակուղիին մէջ: Մորսիի հեռացումը միաժամանակ ծանր հարուած մը հասցուց բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական իսլամի մէջ կը տեսնէին Միջին Արեւելքի կայունութեան եւ բարգաւաճումի երաշխիքը: Յեղաշրջումը իրականացնող ուժերը եկան պատասխանելու, թէ իսլամը արաբական առօրեային մէջ ներկայութիւն ըլլալով հանդերձ, անհրաժեշտ է, որ կառուցողական մօտեցում ցուցաբերէ աշխարհիկ եւ այլ ուժերու հանդէպ:
Եգիպտացիները չեն կրնար անտեսել իրականութիւնները. Անոնք կեցած են դաժան ընտրանքներու առջեւ: Ալեկոծ տնտեսութիւն, օտար դրամանիշներու պակասորդ, ազգային դրամանիշի անկում, բեւեռացած ընկերութիւն: Այս բոլորին զուգահեռ՝ Իսլամական Եղբայրակցութիւնը վճռած է շարունակել պայքարը:
Քաղաքական մեկնաբաններ տակաւին կը վառանին ճիշդ գնահատական տալու Եգիպտոսի զարգացումներուն. Յեղաշրջումի թ՞է յեղափոխութեան հետեւանք էր Մորսիի հեռացումը: Արեւմտեան լրատուական աղբիւներու մեծամասնութիւնը զայն կը դիտէ յեղաշրջում՝ ժողովրդավարական գործընթացով ընտրուած նախագահի մը դէմ:
Զինուորական հաստատութեան որոշումով նախագահ Մորսիի արտաքսումը, հետեւանքներ պիտի ունենայ Փարաւոններու երկրի սահմաններէն դուրս: Եգիպտական ամպրոպը պիտի հարուածէ Միջին Արեւելքի ուժային համակարգի հաւասարակշռութեան, Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահաննգերու վայելած հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ քարիւղի համաշխարհային սակերուն վրայ:
Իր վայելած աշխարհաքաղաքական դիրքին պատճառով, Եգիպտոս կը դարձած էր Միջին Արեւելքի բաբախող սիրտը: Գահիրէ՝ արաբական աշխարհի մայրաքաղաքը, իսկ Եգիպտոսի կառավարութիւնները տիրող հեղինակութիւն եւ ուղեցոյց ՝ շրջանային քաղաքականութեան եւ զարգացումներուն:
Արեւմտեան ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոններուն վկայութեամբ՝ Եգիպտոս կը մնայ Միջին Արեւելքի բանալի երկիրը: Ճիշդ այդ պատճառով, ախտաւոր տնտեսութեամբ եւ բեւեռացող բնակչութեամբ ալեկոծ Եգիպտոս մը, կրնայ ապակայունացնել Միջին Արեւելքը:
Քան ի մը օր առաջ, Սահմանադրական Ատեանի նախագահ՝ Ատլի Մանսուր, 68 տարեկան, հաւատարամութեան ուխտ կատարեց երկրի սահմանադրութեան, իբրեւ՝ ժամանակաւոր նախագահ: Նախագահութեան պաշտօնը ստանձնելէ քսան չորս ժամ ետք, Մանսուր անմիջապէս սառեցուց գործող սահմանադրութիւնը եւ նոր մը մշակելու յանձնախումբ կազմեց : Իսլամիստներուն համար անընդուլելի այս փոփոխութիւնը:
Մորսիի հեռացումը մտահոգած է որոշումի մայրաքաղաքները: Նախքան անոր արտաքսումը, բանակի հրամանատարութիւնը մէկէ աւելի առիթներով փորձած էր Ուաշինկթընը համոզել, թէ մտադրութիւն չունէր ստանձնելու իշխանութիւնը: Որքանով հաւաստի են բանակին երաշխիքները, յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան: Պետական քարտուղար Ճոն Քերրի, քանի մը օրէն, Փետրուարէն ետք վեցերորդ այցելութիւնը պիտի կատարէ Միջին Արեւելք: Գահիրէի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անձնակազմը հեռացած է Եգիպտոսէն, սակայն դեսպանը կը շարունակէ իր ծառայութիւնները: Շուրջ 550 «Մարինզ»ներ սպասողական վիճակի մէջ կը գտնուին Սիկիլիոյ եւ Սպանիոյ մէջ:
Ուաշինկթընի պարագային բաւական կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ Եգիպտոսի եղելութիւններուն սահմանումը: Ամերիկեան օրէնսդրութիւնը կ’արգիլէ զինուորական եւ նիւթական օգնութիւն առաքել «Այն կառավարութիւններուն, որոնց ընտրեալ նախագահները իշխանութենէն կը հեռացուին զինուորական յեղաշրջումի կամ ռազմական հաստատութեան հրամանագրով»: Նշենք, թէ Ուաշինկթըն տարեկան 1.5 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն մը կը կատարէ Եգիպտոսի քայքայուած տնտեսութեան: Պիտի շարունակուի՞ն արդեօք այդ օգնութիւնները:Նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգին համար բաւական դժուար հարց մը պիտի ըլլայ Եգիպտոսի զարգացումներուն մեկնաբանումը:
Եգիպտոսի յեղաշրջումին յատկանշական հետեւանքներէն մէկը միջազգային շուկայի վրայ քարիւղի սակին կտրուկ մագլցումն է: Յաջորդաբար չորրորդ օրը ըլլալով, քարիւղին սակը համաշխարհային շուկաներու վրայ կ’արձանագրէ մագլցում: Ճիշդ է, որ Եգիպտոս չարտածեր քարիւղ, սակայն Սուէզի ջրանցքին շնորհիւ, քարիւղի շուկային մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է Գահիրէին:
Ապահովական գետնի վրայ, Եգիպտոս եւ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ ընդունուած են իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ամենասերտ գործընկերները, շնորհիւ 34 տարի առաջ կնքուած Գեմփ Տէյվիտի համաձայնութեան:
Իսրայէլ մտահոգութեամբ կը հետեւի Գահիրէի զարգացումներուն: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մաղթեց, որ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւնները յարգեն երկու երկիրներուն միջեւ երեսնամեակէ մը ի վեր կնքուած համաձայնութիւնները: Միւս կողմէ, կ’արժէ նշել, որ զառիթափի վրայ գտնուող Եգիպտոս մը ինքնաբերաբար պիտի ապակայունացնէ Կազայի իրավիճակը: Մորսիի կառավարութիւնը առաւելագոյնը կատարեց փակելու Կազան Եգիպտոսին միացնող ապօրէն ճանապարհները:
Եւ վերջապէս հարցում մը՝ Մորսիի մեկնումը Արաբական Գարնան մայրամուտի խորհրդանիշն է թ՞է զարթօնքին: Գարնանային ջերմոցներու երկրպագուները, չեն սթափիր եւ երփնագոյն աղէտներուն մէջ չեն փափաքիր տեսնել արիասիրտ արաբ ժողովուրդին կարմիր արիւնը: Մէկ բան յստակ է, որ Քաթարի մէջ խաղաղ իշխանափոխութիւնը, Թուրքիոյ պարագային վարչապետ Էրտողանի անհանգստութիւնը կ’ապացուցեն քաղաքական իսլամի վախճանումը: Բայց այս մասին մեր վաղուան համարով:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ