ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Եթէ այսօր ըլլար երէկ, եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ընկերներով նստէինք ու քննարկէինք «Քնար» պարախումբը, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը, երաժշտանոցը, «Գուսան»-ը եւ ուրիշ ձեռնարկներ:
Մինչեւ առաւօտեան ժամերու ժողովները, հայրենի հիւրերը, ձեռնարկներու շարքը եւ այսպէս շարունակ տարիներու վրայ իւրաքանչիւրիս կեանքի լաւ օրերու յիշատակները, էջերը եւ ապրումները հարստացնելով` ուրիշ կ՛ըլլար…
Եթէ այսօր ըլլար երէկ, բնականաբար մեկնածները իրենց ներկայութեամբ, ներդրումով, կորովով, նուիրումով եւ զոհողութիւններով ուրիշ մթնոլորտ պիտի ստեղծէին եւ զգացնէին գլխագիր մարդոց ներկայութիւնը:
Եթէ այսօր ըլլար երէկ, եւ Համազգայինի յաջորդական շրջանային վարչութիւններուն մէջ Սագօ Արմէնեանը, Սարգիս Կիրակոսեանը, Շողիկ Յակոբեանը եւ Յակոբ Աբրահամեանը ապրէին, իրենց կողքին` Ֆելիքս Յարութիւնեանը, Վիգէն Ստեփանեանը, Աշոտ Ճենտերեճեանը, Մելքոն Տէմիրճեանը եւ Յովիկ Խաչիկեանը, ուրիշ կ՛ըլլար:
Այո՛, ուրիշ կ՛ըլլար:
Յակոբ Աբրահամեանի վաղաժամ մահը շատ բան խանգարեց` կեանքի զանազան փուլերու միացած ընտանեկան ճամբորդութիւններէն, միութենական, կուսակցական, իսկ զաւարեանական աշխատանքներուն ընթացքին միշտ ալ անոր ներկայութիւնը ինքնուրոյն էր թէ՛ մասնագիտական եւ թէ ալ ազգային-կուսակցական կազմաւորման առումով:
Այսօր, երբ օրէ օր կը զգանք մարդուժի, անանձնական նուիրումի, անշահախնդիր մօտեցումի եւ ընդհանրապէս պատրաստակամութեան պակասի մթնոլորտը, Յակոբին նման տղոց բացակայութիւնը ծանր պիտի կշռէ բոլորիս վրայ:
Յակոբին հետ մեր կապը մնացած էր նոյն ալիքի վրայ` մտերիմ, եղբայրական, ընկերական, անմիջական, անկեղծ, սրտակից եւ շարունակական:
Այո՛, Յակո՛բ, անակնկալ էր եւ կանուխ: Տակաւին շա՜տ բաներ ունէիր ընելիք: Տակաւին շա՜տ երազներ ունէիր իրականացնելիք: Ամբողջ գերդաստանիդ կնքահայրն էիր, այդպէս ալ յարգեցին եւ վարուեցան հետդ յետ մահու: Բոլորն ալ երախտապարտ էին քու ըրած բարիքներուդ համար:
Տարօրինակ զգացումներով կը գրեմ այս տողերը: Չէի պատկերացներ, որ օր մը քու մասիդ մահագրութիւն պիտի գրեմ: Հիմա արդէն անցած են քառասուն օրեր, եւ տակաւին ամէն օր, ամէն առիթի քու յիշատակդ կը նորոգուի սրտիս ու մտքիս մէջ:
Գիտեմ, որքա՛ն դժուար է Իզուկին, Լոռիին, Սագոյին եւ Վանտային: Կեանքի ամայութեան մը առջեւ են: Անապատի մէջ նետուածի հոգեվիճակ կ՛ապրին: Սակայն կան երկու բաներ, որոնք կը մխիթարեն մեզ. առաջինը` քու բարի գործերուդ պտուղը, օրինակդ, վաստակդ, աշխատանքդ եւ նուիրումդ: Երկրորդը` Լոռիին եւ Սագոյին գիտակից ու երախտապարտ մնալը եւ Իզուկին ու Վանտային առանձին չձգելու յանձնառութիւնը:
Մենք ալ` քու սրտակից բարեկամներդ, օրէ օր մեր բարեկամներու խումբի նօսրանալուն ցաւը կ՛ապրինք, բայց եւ այնպէս յիշատակներով կը լիցքաւորուինք: Միշտ ալ մեր մտքէն կ՛ըսենք, թէ լաւ է, որ այդ օրերը անցուցեր ենք միասին:
Կեանքի մէջ առօրեայ վազվզուքէն միայն այդ յիշատակները կը մնան անթառամ: Մենք ալ յիշատակներով կը շարունակենք մեր կեանքը` հաւատալով, որ տեղ մը անպայման ցաւերու եւ ուրախութիւններու մէջ մեզի հետ ես մի՛շտ: