Ապրիլ 16-23 Չինաստանի մայրաքաղաքին մէջ կայացաւ Փեքինի 3-րդ միջազգային ֆիլմարուեստի փառատօնը: Մրցութային ծրագրին մէջ ներկայացուած մօտ 60 երկրի աւելի քան 500 շարժանկարներէն մրցանակաբաշխութեան վերջնական հանգրուան անցան 11 երկրի արտադրութեան 15 ժապաւէններ, որոնց շարքին էր նաեւ հայկական «Եթէ Բոլորը» գեղարուեստական ժապաւէնը:
Արցախեան պատերազմի եւ անոր հետեւանքներու մասին պատմող այս շարժանկարը նկարահանուած է Հայաստանի անկախութեան եւ Հայոց բանակի կազմաւորման 20-ամեակի առիթով` ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանիին տակ: Շարժանկարին բեմադրիչն է Նատալիա Պելիաուսկենէ, արտադրողները` Միքայէլ Պօղոսեան եւ Թերեզա Վարժապետեան:
Չինաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կինոփառատօնին ներկայացուած այս շարժանկարը Ապրիլ 17-ին եւ 18-ին ցուցադրուեցաւ Փեքինի երկու սրահներու մէջ` արժանանալով հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութեան:
Ապրիլ 23-ին տեղի ունեցաւ փառատօնի մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը, որուն հրաւիրուած էր նաեւ Չինաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան: «Եթէ Բոլորը» շարժանկարը յաղթող ճանչցուեցաւ երկու անուանակարգերու մէջ. «Լաւագոյն երաժշտութիւն» մրցանակին արժանացաւ երաժշտահան Վահագն Հայրապետեանի կողմէ գրուած շարժանկարին երաժշտութիւնը, իսկ «Երկրորդ լաւագոյն դերակատար» մրցանակը շնորհուեցաւ անուանի դերասան Վահագն Սիմոնեանին: