Թրքական «Հիւրիյէթ» պարբերականը անդրադարձած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի` իտալական «Քորիէրէ Տէլլ Սերա» թերթին տուած հարցազրոյցին, ուր վերջինս խօսած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին:
Ազնաւուրը նշած է, թէ կը ցանկայ բաց տեսնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը: Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ համերգ տալու թեմային` Ազնաւուր նշած է, թէ ինքը բազում հրաւէր կը ստանայ, սակայն կը մերժէ, քանի որ փակ սահմաններու առկայութեան պարագային չի ցանկար տարբեր քաղաքական խաղերու մասնակից ըլլալ:
Ան նաեւ նշած է, թէ «Եթէ հիմա Հայաստան ունենար Ատրպէյճանի նաւթային պաշարները, շատ հարցեր լուծուած կ’ըլլային»:
Թրքական թերթը նաեւ աւելցուցած է, թէ Ազնաւուր Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար աշխոյժ պայքարողներէն է: Ան նաեւ կ’ըսէ` «Եթէ Թուրքիան չուզեր ըսել ցեղասպանութիւն բառը, թող այն այլ բառով փոխարինէ»: