Դոկտ. Մինաս Գոճայեան
Մօտիկէն եւ լրջօրէն կը հետեւիմ Հայաստանի լուսաւորութեան եւ կրթութեան նախարարութեան գործունէութեան: Ըսելիքներ ունիմ կարգ մը հարցերու մասին, որոնց ամփոփումը պիտի փորձեմ տալ մօտերս: Կը խօսուի կրօնքի պատմութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցուոյ դասաւանդութեանց մասին, գրականութեան դասաւանդման եւ մատուցման ոճերու եւ նոր մօտեցումներու մասին:
Բարեբախտաբար այս քննարկումները տակաւին նախնական փուլի վրայ կը գտնուին եւ գործադրութեան չեն դրուած՝ Աստուծոյ բարի աչքի շնորհիւ, այլապէս մեր նոր սերունդները իրենց հայկական էութենէն պարպուած պիտի ըլլային տասնամեակի մը ետք: Մշուշին մէջ կամաց կամաց կը յստականայ «մութ ուժերու եւ հովանաւորներու» կանխամտածուած եւ քաջալերուած խլուրդային աշխատանքներու ուրուագիծը: Դասագիրք կազմելը, առարկաներ ծրագրաւորելը ազգային եւ պետական ՇԱՏ ԼՈՒՐՋ խնդիր է: Դպրոցն է, որ պիտի ստեղծէ վաղուան հայ քաղաքացին՝ մեր թոռնիկները: Կը տեսնեմ, թէ գիտցող-չգիտցող ձեռքով-ոտքով ինկեր է այս ծրագիրներուն մէջ, յարգելի են քանի բացառութիւնները, որոնք բանիմաց մարդիկ են: Նորամուծութիւն բերելը առողջ քայլ է, բայց արտառոցութեան պէտք չէ վերածուի այսպէս կոչուած «նոր մօտեցումներու» արշաւը: Այս խնդիրը ալեկոծած է հրապարակը. ասիկա հաճելի երեւոյթ մը չէ: Կը հարցնեմ՝ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ այսպէս պայթեցաւ հրապարակը…: Ինչո՞ւ այսպէս բորբոքուեցաւ խնդիր մը եւ սկսանք զիրար փնովել:
Կը կարծեմ թէ մեր նախարարութիւնը աշխատանքի այլ ոճ մը պէտք է ընտրէ այսուհետեւ, որպէսզի կիրքերը չբորբոքին եւ չվերածուին քաղաքական նպատակներու ծառայող հում նիւթի: Կը կարծեմ, թէ նման խնդիրներու եւ ծրագիրներու մէջ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴԳՐԿԵԼ ՆԱԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁԱԾ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ, որոնք հարուստ փորձ կուտակած են թէ՛ «արեւելեան», թէ՛ «արեւմտեան» եւ թէ՛ հայկական մանկավարժական աշխարհէն ներս: Մենք հարուստ փորձ ունինք այս ուղղութեամբ եւ փափաքելի պիտի ըլլար որ մենք նոյնպէս, գոնէ «խորհրդականի կարգով», մեր նպաստը բերէինք այս գործին: Հաւատացէք որ մեր պետութիւնը ՄԻԱՅՆ կը շահի ասկէ: Մենք ո՛չ դրամ կ’ուզենք, ո՛չ ալ կ’ուզենք մեր հայրենակիցներու «հացին» պատճառ դառնալ: Քա՜ւ լիցի: Մենք ալ մարդ ենք եւ հայ, ուստի մենք ալ կրնանք կաթիլ մը զուլալ ջուր աւելցնել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ծրագիրներուն աւազանին մէջ: