ԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ Կ՛ՈՐԱԿԷ ԻՐԱՆԻ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Իր քաղաքացիերուն յղած ուղերձին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 27 Սեպտեմբերին յայտարարեց հետեւեալը. «Եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ յարութիւն տալ Լեռնային Ղարաբաղ անունով մեռելին, թող անոր յարութիւն տայ իր տարածքին մէջ», պնդելով, որ անցեալ տարի Ատրպէյճան վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Ատրպէյճանի մէջ չկայ «Ղարաբաղ» անուանումով վարչական տարածք», աւելցուց ան:
Արցախեան 44օրեայ պատերազմի մեկնարկի օրը` 27 Սեպտեմբերը, Ատրպէյճանի մէջ պաշտօնապէս կը նշուի իբրեւ Յիշատակի օր:
Մինչ այդ, «Անատոլու»ն կը հաղորդէ, թէ Ալիեւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի սահմաններուն մօտ իրանեան ռազմափորձերուն, զանոնք «շատ անսպասելի իրադարձութիւն» որակելով: «Որովհետեւ մեր անկախութեան 30 տարիներուն ընթացքին այսպիսի իրադարձութիւններ տեղի չեն ունեցաշ: Նախ պէտք է ըսեմ, որ ամէն երկիր իրաւունք ունի որեւէ զօրավարժութիւն կատարել իր տարածքին մէջ: Ասիկա նրա ինքնիշխան իրաւունքն է: Ոչ ոք կրնայ անոր որեւէ բան ըսել: Բայց երբ զայն վերլուծենք ժամանակի առումով, կը տենենք, որ այսպիս բան երբեք չէ եղած: Ինչո՞ւ ճիշդ հիմա եւ ինչու մեր սահմանին մօտիկ», ըսաւ Ալիեւ՝ «Անատոլու»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները լարուած են Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ իրանցի վարորդներու ձերբակալութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Պաքու պատրաստ է կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները` «միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, մասնաւորապէս` ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը խստօրէն պահպանելու հիման վրայ»: