ԱՆԳԱՐԱ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Մայիս 7ին տրուած պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիան եւս պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ ռուսական «Էս. 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկէ:
«Յառաջիկայ շաբաթ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնիմ Միացեալ Նահանգներ. մենք պիտի շեշտենք, որ «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու վաճառքի ջնջումը կամ արգելքը անընդունելի քայլ է: Եթէ ամերիկեան կողմը այդպիսի բան ընէ, ապա Թուրքիայէն պիտի ստանայ արժանի պատասխան», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Նախապէս, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Անգարային սպառնացած է արգելակել «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերու վաճառքը, եթէ Անգարա կարծիքը չփոխէ Ռուսիայէն «Էս. 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու ծրագիրին գծով։ Պոզքըրի համաձայն՝ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական համակարգերու գնումը ծայրայեղական քայլ կը նկատուի Ուաշինկթընի մէջ: «Քոնկրեսին մէջ մտադիր են անոր հետ կապել «Էֆ. 35»ի վաճառքի հարցը, եւ Քոնկրեսը կրնայ որոշել անոնց վաճառքը արգիլել», մեկնաբանած էր ան: