Յատուկ նշանակութեան ջոկատի հետախոյզ Վովա Վարդանովը սկզիբը չէ ուզած աշխատիլ Մոնթէ Մելքոնեանի հետ` կարծելով որ սփիւռքահայը պէտք չէ հետախուզական աշխատանքներու մասնակցի: Սակայն անոր հետ ծանօթանալէ ետք փոխած է կարծիքը. «Մոնթէն բանիմաց, հայրենասէր տղայ էր: Հաւատացէք, ինձ այդքան հեշտ չէր հրապուրել: Ինձ գերեց նրա մեծատառով Հայ լինելը»,- լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Վովա Վարդանով` յիշելով իր եւ Մոնթէ Մելքոնեանի ծանօթութեան պահը:
Նշենք, որ վաղը կը լրանայ Ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի 55-ամեակը: «Եթէ չյիշեցնէինք, որ իր ծնունդն է, Մոնթեն չէր յիշի»,- ըսած է Մոնթէի ջոկատի մարտիկ Յովսէփ Յակոբեանը: Ան Մոնթէին բնութագրած է իբրեւ մեծագոյն ազնուութեան տէր մարդու, որ յաղթանակի նկատմամբ մեծ հաւատք ունեցած է, «այն հաւատը, որ օգնեց ոչնչէն ստեղծել հզօր բանակ»: «Ան էր առաջինը, որ հասկցաւ, որ ջոկատային կռիւներով հնարաւոր չէ յաղթանակի հասնել»,- ըսած է ան:
Մոնթէի մտերիմ ընկեր եւ զինակից Վահէ Շահմուրատեան «տնային պայմաններու մէջ պատրաստած կարկանդակ, գինի» բերած էր իր հետ`լրագրողներուն հետ Մոնթէի 55-ամեակը շնորհաւորելու համար: Ան նշեց, որ Մոնթէի ամենաչսիրած բանը շողոքորթութիւնն էր, «ամենամեծ ուշունցը` էշը»: Ան պատմեց, որ երբ 1993 Փետրուարին Մարտունիի շրջանին մէջ ժողովուրդի հետ կը խօսէին, պարզուած է, որ անոնք գումար հաւաքած են Աւոյի արձանը կանգնեցնելու համար: Ան երբ իմացած էր այդ մասին, շատ զայրացած էր, թէ այս պահուն կարեւորը ղարաբաղեան խնդիրն է:
«Եթէ ան լինէր այստեղ ու խնդրէինք խօսել իր մասին, նա չէր խօսի, կ’ասէր` այս պահին կարեւորը Արցախի հարցը հասկանալն է»,- ըսած է ան:
Վ. Վարդանով ըսած է, որ եթէ Մոնթէն ըլլար եւ անոր նման քանի մը զինուորականներ, մեր բանակը «100 տոկոսով այլ կ’ըլլար»: «Մենք կորցրել ենք հրամանատար զինուոր: Շարքային զինուոր էր` պոստում (զօրանոց) կանգնող, գիշերը չքնող, սոված մնացող, միաժամանակ զօրավար է` կարող էր ճակատ ղեկավարել»,- ըսած է ան:
Մոնթէ ծնած է 25 Նոյեմբեր 1957-ին ԱՄՆ-ի մէջ, եղեռնի ճիրաններէն փրկուած եւ Քալիֆորնիոյ Վայսելիա քաղաք հանգրուանած հայի ընտանիքի մէջ: Հնագիտութեան փրոֆէսոր էր եւ կը տիրապետէր 8 լեզուներու:
1980 թուականէն անդամագրուելով Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին` կարճ ժամանակի մէջ դարձաւ անոր ղեկավարներէն մէկը:
1981 թուականին անոր մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ յայտնի «Վան» գործողութիւնը, որ ՀԱՀԳԲ-ին հասցուց իր պատմութեան գագաթնակէտին:
11 Նոյեմբեր 1981-ին Ֆրանսայի Օրլի օդակայանին մէջ Մոնթէ ձերբակալուեցաւ կեղծ անձնագիր եւ ատրճանակ կրելու մեղադրանքով: Ան սկիզբը դատապարտուեցաւ 4 ամսուան ազատազրկման, իսկ աւելի ուշ դատարանը որոշեց վտարել զայն Ֆրանսայէն: Դատարանին մէջ Մոնթէ յայտարարեց` «Բոլոր հայերը կեղծ անձնագիրներ կը կրեն` ֆրանսական, ամերիկեան, անոնք կեղծ կ’ըլլան այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոնք հայկական չեն…»: 1985-ին ան նորէն կեղծ անձնագիրով մտաւ Ֆրանսա եւ քանի մը ամիս ետք դարձեալ ձերբակալուեցաւ «ահաբեկչութիւն» կազմակերպելու մեղադրանքով: Մոնթէ բանտէն դուրս եկաւ 16 Յունուար 1989-ին եւ որոշ ժամանակ տարբեր երկիրներու մէջ դեգերելէ ետք` ժամանեց Հայաստան, ուր արդէն սկսած էր Արցախեան ազատագրական պայքարը: Այստեղ ան ընդունեց Աւօ կեղծանունը եւ Սեպտեմբեր1991-ին մեկնեցաւ Արցախ: 1992 թուականին Վազգէն Սարգսեանի առաջարկով ստանձնեց Մարտունիի շրջան ինքնապաշտպանուեան ջոկատի պետի պարտականութիւնը: Այստեղ կարճ ժամանակի մէջ ան շահեցաւ բնակչութեան սէրն ու յարգանքը, իր անկեղծութեամբ ու մաքրութեամբ: Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին դարձաւ ամենապաշտպանուած ու ամենամարտունակ շրջանը: 1993 Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն անոր ղեկավարութեամբ ազատագրուեցաւ նաեւ Քարվաճառը:
«… Եթէ կորսնցնենք Արցախը, ապա մենք կը շրջենք հայոց պատմութեան վերջին էջը»,- Մոնթէի այս խօսքը իբրեւ զգաստացման կոչ կը հնչէր ճակատային մարտիկներու, ամբողջ հայ ժողովրդի համար: Ան անփոխարինելի դեր կատարեց հայկական առաջին ինքնապաշտպանական ուժերը կազմակերպելու եւ ապա նաեւ` կանոնաւոր բանակ ստեղծելու մտայղացումներու մէջ:
12 Յունիս 1993-ին Մոնթէ եւ իր ընկերները Մարզիլի գիւղի մօտ կը հանդիպին զրահամեքենայի: Կարծելով հայեր են` կը մօտենան, կը պարզուի ազերիներ են: Կը սկսի փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով կը նահատակուի Մոնթէն եւ ընկերը` Սարիբէկը: Յետմահու Մոնթէ արժանացաւ Ազգային հերոս կոչումին: Անոր անունով կը կոչուի ՀՀ ռազմական քոլեճը, Երեւանի եւ Ղարաբաղի մէջ անոր անունով կան դպրոցներ:
Դեռ կենդանութեան օրօք ան առասպել հերոս էր, ամբողջ հայութեան եւ արցախահայութեան անվերապահ սիրոյ եւ պատկառանքի խորհրդանիշ:
Մոնթէ ըսած է. «Ես երդում տուած եմ եւ կը պատկանի մէկ մարդու, այդ մարդը հայրենիքի ազատութեան զինուորն է: … Իմ նպատակս է կռուիլ Արցախի յաղթանակին համար, յանուն որուն կեանքս ալ անգամ չեմ խնայեր: … Ես երդում տուած եմ… Արցախը իմ առաջին պայքարս չէ, եւ վստահ եմ, որ վերջինը պիտի չըլլայ…»: