ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Ֆաթիհ Թունչի կողմէ լոյս տեսած է հայերու մասին յօդուած մը, որ իրականութեան մէջ թաքուն քարոզչութեան բնոյթ ունի։ Ստորեւ՝ անկէ մաս մը.
«Ասկէ ճիշդ հարիւր տարի առաջ, մօտաւորապէս 2.5 միլիոն մարդ ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ենթարկուեցաւ։ Ողջ մնացողները կա՛մ ուրացան եւ կամ թաքուն պահեցին իրենց ինքնութիւնը։ Ոչ միայն անոնց հողերը գրաւուեցան, այլ անոնք ընդունուեցան իբրեւ «գէշ մարդ»։ Այնպիսի վիճակ մը ստեղծուեցաւ, որ մէկը եթէ գէշութիւն մը ընէր, անոր անմիջապէս հայ պիտակը կը փակցուէր։ Հայերու մասին ամէն մարդ սահմանում մը ունի։ Կարգ մը մարդոց կողմէ հայերը մարդակերներ են, իսկ ուրիշներու կողմէ՝ երկիրը տարանջատող, իսլամութիւնը բնաջնջելու նպատակ հետապնդող ժողովուրդ մը։ Հաւաքի մը ընթացքին, եթէ մէկը «հայ եմ» ըսէ, անոր անմիջապէս հարց կը տրուի. «Ինչպէ՞ս ողջ մնացած ես. իսլամացա՞ր. դուն այս երկիրը կը սիրե՞ս»։ Անատոլուի ժողովուրդին մօտ կը տիրէ այն համոզումը, որ հայը աշխարհի ամէնէն գէշ ցեղն է, մինչդեռ հրեաները, որոնք այնքան մեծ թիւով իսլամներ սպաննած են, տարբեր արժեւորումի կ՛ենթարկուին։ Հրեաներու արտադրած ապրանքները լայն տարածում կը գտնեն, եւ ոեւէ մէկը անոնց մասին գէշ չ՛արտայայտուիր։
Հակառակ անոր, որ հայերը այս հողերուն վրայ ամէնէն զարհուրելի ձեւով զանգուածային սպանութիւններու եւ տեղահանութիւններու ենթարկուած են. անոնք ամէնէն ստորին սահմանումներու առարկայ կը դառնան։ Ո՞ր տրամաբանութիւնը կ՛ընդունի այս մօտեցումը. վայրագաբար պիտի սպաննէք հայերը, ապա անոնց վրայ «վայրագ» պիտակը պիտի փակցնէք։ Ճիշդ դար մը առաջ, Անատոլուի հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդին մէկ երրորդը հայ էր։ Այդ օրերու դրութեամբ, այդ թիւը պետութիւն մը կազմելու տարողութիւնն ունէր։ Եթէ հայ ժողովուրդը նպատակ ունենար Անատոլուն տարանջատել, ապա վստահ եղէք, որ այս պահուն սահմանները տարբեր գծուած պիտի ըլլային։ Եթէ հայեր 1915ի դէպքերուն ենթարկուած չըլլային, այսօր Թուրքիոյ քաղաքական դիմագիծը տարբեր պիտի ըլլար։ Այս պահուն, Թուրքիոյ մէջ հայերը բազմաթիւ կուսակցութիւններ պիտի ունենային եւ ընտրութեան պատնէշէն անցնելով՝ քաղաքական կեանքի մէջ զօրաւոր տիրապետութիւն հաստատած պիտի ըլլային։ Նոյնիսկ ղեկավարութեան բարձր դիրքերու կրնային հասած ըլլալ։ Սակայն, անոնք այս հողերուն վրայ գերեզմաններու իսկ չարժանացան։ Ներկայիս կը տիրէ այն կարծիքը, թէ Անատոլուի հողերուն վրայ 500-800 հազար հայեր կան։ Իրականութեան մէջ, անոնցմէ շատերը իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցած են եւ ձուլուելով՝ իրենց անցեալէն անջատուած։ Կարգ մը անձեր ալ անցեալի դէպքերու մտավախութեամբ՝ տակաւին չեն կրցած ձերբազատիլ իրենց վրայ դրուած ճնշումներէն եւ իրենց ինքնութիւնը դրսեւորելէ կը խուսափին»։
Այս բոլորը պարզելէ ետք, Ֆաթիհ Թունչ կը գրէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը քաղաքական կամքն ու ուժականութիւնը ունի անվախօրէն հայերու թիկունք կանգնելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու։