Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ելեկտրականութեան ցանցը մասնակի կերպով քայքայուած է ֆիուլ օյլի անհամաչափ գործածութեան եւ ելեկտրական հոսանքի անհամաչափ քանակի եւ անկայուն արտադրութեան պատճառով:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ելեկտրականութեան ընկերութիւնները բանեցնելու այս դժուար պայմաններուն լոյսին տակ ելեկտրականութեան ցանցը կրնայ ամբողջովին քայքայուիլ եւ անոր վերակառուցումը կրնայ անկարելի դառնալ:
Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Գահիրէ եւ Ամման` շարունակելով հետապնդել Եգիպտոսի եւ Յորդանանի հետ ստորագրուած համաձայնագիրին գործադրութիւնը, որուն հիման վրայ նշեալ զոյգ երկիրներէն կազ եւ ելեկտրական հոսանք պիտի մատակարարուի Լիբանանին:
Մինչ Լիբանան նման պայմաններ կ՛ապրի, երկրին նկատմամբ միջազգային զօրակցութեան յայտարարութիւնները կը շարունակուին: Այդ շրջագիծին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան կը հաստատէ, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր քայլ մըն է, եւ որ Լիբանանի կառավարութիւնը անկախ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ պէտք է կազմակերպէ, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել կը շեշտէ, որ իրենք Լիբանանի մէջ գաղտնի օրակարգեր չեն հետապնդեր` ընդգծելով, որ իրենց նպատակը լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցութիւնն է: