Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ օր Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական եւ տնտեսական նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցան շարք մը միջոցառումներ` լուծելու համար երկրին ելեւմտական եւ նիւթական տագնապը: Շեշտը դրուեցաւ Կեդրոնական դրամատան եւ Լիբանանի մէջ Դրամատուներու միութեան միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան վրայ, որպէսզի պահպանուի տնտեսական կայունութիւնը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժըրայսաթի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Մանսուր Պըթէյշ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սամիր Սֆէյր, եւ միութեան վարչութեան անդամները, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, հանրապետութեան նախագահի գլխաւոր խորհրդական Միրէյ Աուն Հաշիմ:
Նախագահ Աուն հանդիպման բացումը կատարեց վերահաստատելով ելեւմտական եւ դրամատնային ներկայ կացութիւններուն լուծումներ տալու կարեւորութիւնը` որդեգրելով անհրաժեշտ միջոցառումները` ապահովելու համար քաղաքացիներուն կարիքները, եւ անոնց իրազեկ դարձնելով բոլոր զարգացումներուն մասին` կանխելու տարածումը կեղծ լուրերուն, որոնք թիրախ կը դարձնեն մասնաւորաբար դրամատնային մարզը, եւ ընդհանուր առմամբ` ելեւմտական կայունութիւնը:
Ան կարեւոր նկատեց այս փուլին Կեդրոնական դրամատան եւ Դրամատուներու միութեան ղեկավարներուն միջեւ համագործակցութիւնը ` արդիւնքի հասնելու համար:
Հանդիպումէն ետք Դրամատուներու միութեան նախագահ Սամիր Սֆէյր կարդաց հանդիպումին ընթացքին տրուած հետեւեալ որոշումները.
1) Ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարներու պաշտօնակատարները, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը եւ Դրամատուներու միութեան նախագահը կոչուեցան հետեւելու դրամական եւ դրամատնային կացութիւններուն, եւ անհրաժեշտութեան պարագային հրապարակելու բացատրողական զեկուցումներ` կանխելու համար որեւէ խառնաշփոթ կամ կեղծ լուրեր:
2) Հաստատել, որ դրամատուներուն մէջ աւանդ պահողներուն դրամները պահպանուած են, եւ ինչ որ կը կատարուի կապ չունի վճարունակութեան հետ, հետեւաբար պէտք չկայ խուճապի մատնուելու:
3) Կեդրոնական դրամատան կառավարիչէն պահանջել, որ շարունակէ որդեգրել անհրաժեշտ միջոցառումները` պահպանելու համար դրամի ապահովութիւնը, տնտեսական կայունութիւնը եւ դրամատնային համակարգի կացութեան ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ դրամական եւ վարկային օրէնքը, ինչպէս նաեւ առաջարկել անհրաժեշտ գործնական միջոցառումները` անհրաժեշտութեան պարագային:
4) Կեդրոնական դրամատունէն եւ Լիբանանի մէջ Դրամատուներու միութէնէն պահանջուեցաւ դիւրացնել յաճախորդներուն, յատկապէս` դրամատուներուն մէջ փոքր գումարներ տեղադրողներուն կարիքները` պահպանելու համար անոնց տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնները, ինչպէս նաեւ տրամադրել անհրաժեշտ դիւրութիւնները` ապահովելու արտադրական մարզերու աշխատանքի շարունակականութիւնը:
Սամիր Սֆէյրին հարց տուին, որ եթէ վախ չկայ տեղադրողներուն դրամներուն վրայ, ուրեմն ինչո՞ւ քաշուելիք դրամին գումարը ճշդուած է, ան պատասխանեց, որ մարդիկ պէտք է հանդարտին, եւ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր անձ իր պէտք ունեցածը քաշէ դրամատունէն, այլ ոչ թէ ինչ որ կը փափաքի առնել: