ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանական կողմը, Հայաստանի հանդէպ առաջադրելով տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներ, կը փորձէ մէկ կողմէ միջազգային օրակարգէն դուրս բերել ղարաբաղեան տագնապը, իսկ միւս կողմէ ստեղծել նոր սպառնալիքներ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան համար։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանող յայտարարութեան մը մէջ արձագագնգեց Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, իբրեւ պատասխան Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարին` Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հետ ունեցացած մամլոյ ասուլիսին կատարած յայտարարութիւններուն՝ պնդեց, որ պաշտօնական Պաքուն տարածքային պահանջներ չունի դրացիներէն, իսկ Զանգեզուրին, Սեւանին եւ Երեւանին ատրպէյճանցիներուն «վերադառնալու» մասին խօսելով` նկատի ունին 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան կէտը գաղթականներու եւ բռնի տեղանահուածներու վերադարձին մասին:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ փորձելով հիմնաւորել նմանօրինակ շինծու օրակարգ` ատրպէյճանական կողմը չի խուսափիր 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան բացայայտ կեղծիքներ վերագրելէ:
«Եթէ ելնենք վերոնշեալ փաստաթղթի` տեղահանուածների վերադարձի ադրբեջանական մեկնաբանութեան տրամաբանութիւնից, ապա հայ փախստականները պէտք է վերադառնան Նախիջեւան, Գանձակ, Բաքու, Սումգայիթ եւ ներկայիս Ադրբեջանի այլ հայաթափուած տարածքներ: Ինչ վերաբերում է Ադրբեջանի ԱԳՆ խօսնակի կողմից հնչեցուած Հայաստանի հանդէպ պատմական պահանջներին, ապա մեզ համար դժուար է ըմբռնել «պատմական» բնորոշման Ադրբեջանի չափանիշները: Ստիպուած ենք վերստին յիշեցնել, որ պատմութիւնը երբեք չի կարող լինել մի այնպիսի երկրի ուժեղ կողմը, որի թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ քաղաքական անուանումը մէկդարեայ պատմութիւն ունի, իսկ ադրբեջանցի անուանումն անգամ դրանից էլ նոր է», կ՛ըսուի պարզաբանման մէջ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան` հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ յարատեւ թշնամութիւն սերմանելու եւ պահպանելու Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ջանքերը մնայուն սպառնալիք են տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան:
«Հայաստանին ռեւանշիզմի (վրէժխնդրութեան) մէջ մեղադրելուց առաջ Ադրբեջանը պէտք է միջազգային հանրութեանը բացատրի, թէ որն է Բաքուի «ռազմավարի պուրակի» խորհուրդը, որը ոչ այլ ինչ է քան ռեւանշիզմի եւ մարդատեացութեան ամօթալի «յուշարձան», կ՛ըսուի պարզաբանման մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ Հայաստան պիտի շարունակէ հետեւողականօրէն հանդէս գալ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման, ցեղային զտումներու ենթարկուած Արցախի տարածքներու ապաբռնագրաւման եւ, 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, այդ տարածքները հայ բնակչութեան վերադարձի դիրքերէն՝ յայտնեց Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը` ընդգծելով, որ միայն ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան տակ ղարաբաղեան խաղաղ լուծման գործընթացի վերսկսումը կրնայ նախադրեալներ ստեղծել տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան համար: