ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երկուշաբթի, 5 Փետրուարին, խորհրդարանական ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի երթ՝ ընդդէմ ապրուստի թանկացումներուն:
Նախքան երթին սկսիլը, Շարլ Ազնաւուր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, որուն ընթացքին խօսք առին «Ելք»ի ներկայացուցիչները:
Երթի մասնակիցները կը վանկարկէին «Թանկացմանն ասում ենք՝ ոչ», «Թալանին ասում ենք՝ ոչ» կարգախօսները: