Երէկ առաւօտեան, Պքերքէի մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ եպիսկոպոսներու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպումին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք որդեգրել շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ըմբոստութեան առնչութեամբ:
Սրտբաց մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հոգեւորականներ մէկ կողմէ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին, իսկ միւս կողմէ` մտահոգութիւն յայտնեցին երկրին մէջ խորացող տնտեսական տագնապին վերաբերեալ: Անոնք շեշտեցին, որ ժողովրդային ըմբոստութիւնը հետեւանք է երկրին մէջ տիրող պետական-քաղաքական պատասխանատուներուն մօտ փտածութեան, ինչպէս նաեւ անտարբերութեան` ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական կարիքներուն նկատմամբ: Անոնք ըսին, որ ո՛չ միայն իշխանութիւն-ժողովուրդ խրամատը լայնցաւ, այլ ամէն տեսակ թապու քանդուեցաւ, եւ դիմակները վար առնուեցան: Հետեւաբար, այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է դիմել յստակ եւ գործնական քայլերու:
Երկու առիթներով խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
1) Նախ եւ առաջ պէտք է ողջունել ժողովուրդին միասնականութիւնը: Առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդը, հեռու համայնքային, կուսակցական ու քաղաքական բաժանումներէ, ինքզինք կ՛արտայայտէ իբրեւ մէ՛կ ամբողջութիւն:
2) Անհրաժեշտ է, որ իբրեւ եկեղեցի, ժողովուրդին հետ ըլլանք, ո՛չ ձեւականօրէն կամ տեսականօրէն, այլ գո՛րծնապէս մեր զօրակցութիւնը յայտնելով ժողովուրդին սպասումներուն նկատմամբ:
3) Ստեղծուած ընկերային-տնտեսական ներկայ տագնապին լուծման գծով նաեւ եկեղեցի՛ն պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, աւելի՛ն կատարելու ժողովուրդին համար, յատկապէս ընկերային, մարդասիրական, կրթական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ:
4) Անհրաժեշտ է, որ առաջարկենք հանրապետութեան նախագահին շուտով սկսելու խորհրդակցութեան` համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ ցուցարարներու պատասխանատուներուն հետ, իմանայ անոնց տեսակէտները եւ համապատասխան գործնական քայլերուն դիմէ:
Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, թէ իբրեւ եկեղեցի, ճիշդ է, մենք ըսելիք եւ ընելիք պէտք է ունենանք, սակայն քաղաքական բնագաւառին առնչուած հարցերուն գծով մանրամասնութիւններու մէջ պէտք չէ մտնենք. պէտք է շեշտենք, թէ անհրաժեշտ է յարգել երկրին Սահմանադրութիւնը եւ ժողովուրդին պահանջները:
Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսակէտը տեղ գտաւ հանդիպումին յայտարարութեան մէջ, ուր աւելի լայն ծիրի մէջ շեշտուեցաւ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ժողովուրդին, բռնութենէ հեռու մնալու հրամայականը եւ ժողովուրդին կարիքներուն շուտով գոհացում տալու անհրաժեշտութիւնը:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումին մասնակից եղան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, տնօրէն ժողովի ատենապետ Շահէ եպս. Փանոսեան, կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: