ԱՍՊԱՐԷԶ – 1989-ին, օրուան ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»ի տիտղոսը շնորհել շրջանին մէջ գործող ՀՄԸՄ-ականի մը, որ իր միութենական օրինակելի կեցուածքով եւ անսակարկ գործունէութեամբ, բարի օրինակ կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի անդամներուն եւ իր շրջապատին:
Գեղեցիկ այս նախաձեռնութիւնը որդեգրուելով, յաջորդական Շրջանային վարչութիւններու կողմէ, արդէն իսկ գեղեցիկ սովորութեան վերածուած է եւ մեծապէս կը գնահատուի շրջանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ անոր համակիրներուն կողմէ: Անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին երեք տասնեակ արժանաւոր ՀՄԸՄ-ականներու շնորհուած է այս տիտղոսը, որ մեծ պատիւ է թէ՛ միութեան եւ թէ անոր արժանացող ՀՄԸՄ-ականներուն համար:
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ այս տարի, եզակի այս տիտղոսին արժանացած է ՀՄԸՄ-ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղի վաստակաշատ հիմնադիր անդամներէն Վարդգէս Շխրտըմեան , որուն տուն տուած էր անոր միութենական գիտակցութիւնն ու բեղուն գործունէութիւնը:
Այսպէս, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, բարձր գնահատելով Վարդգէս Շխրտըմեանի միութենական գործունէութիւնը՝ այս տարի անոր կը շնորհէ «Տիպար ՀՄԸՄ-ական-2019» տիտղոսը:
Վարդգէս Շխրտըմեան ծնած է 28 Օգոստոս 1949-ին, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ, ազգանուէր ընտանեկան յարկի մը տակ: Ան երէցն է Արամ եւ Ալմաստ Շխըրտմեաններու հինգ զաւակներուն (4 տղայ եւ մէկ աղջիկ):
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կաթողիկէ վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Պաղտատի Ալ Շարքիա վարժարանին, ապա յաճախած է Լա Սալ Քոլեճը, հետեւելով Business Administration-ի ճիւղին: Այնուհետեւ ստեղծած է իր մասնագիտութեան անձնական ընկերութիւնը եւ ղեկավարած է զայն մինչեւ Պաղտատ իր կեցութիւնը:
1967-ին ան անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի Պաղտատի մասնաճիւղին՝ իբրեւ սկաուտ, ուր իր աշխատասիրութեան եւ ճշդապահութեան շնորհիւ անոր վստահուած են բազմաթիւ միութենական եւ կամաւոր աշխատանքներ:
1974-ին, ընտանիքին հետ ան փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ բնակութիւն հաստատած է Կլենտէյլ քաղաքը: Մասնագիտացած է Plumbing-ի մէջ եւ իր անձնական ընկերութիւնը հիմնած է:
1977-ին ծանօթացած եւ ամուսնացած է Լիոնիկ Մակարեանի հետ, եւ ապագային բախտաւորուած են երկու հրաշք զաւակներով՝ Շանթ եւ Դալար, որոնք հասակ նետած են ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, ազգային գիտակցութեամբ եւ հայրենասիրական ոգիով: Շանթը եղած է սկաուտ եւ ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղին մէջ աստիճանաբար հասած է Մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին, իսկ Դալարը եղած է արենուշ եւ վոլիպոլի մարզիչ ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղին մէջ: Շանթը եւ Դալարը ամուսնացած են եւ Շխրտըմեան ընտանիքին պարգեւած են չորս թոռներ՝ Սարին, Արամ, Անի եւ Մոնթէ:
Կեանքի ասպարէզին մէջ յաջողութիւն արձանագրելէ ետք, 1986-ին, Վարդգէս Շխրտըմեան միացած է ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի շարքերուն, ուր ոչ միայն յանձախումբերու անդամակցած է, այլ նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերած է մասնաճիւղի վերելքին նպաստող գործունէութեանց:
1993-ին, Քրեսենթա Հովիտի մէջ նկատելով հետզհետէ հայութեան թուական աճը, խումբ մը ՀՄԸՄ-ասէրներու հետ մասնկցած է հիմնադրութեան շրջանի ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղին, որուն հիմնադիր առաջին վարչութեան անդամներէն մէկը եղած է ինք:
Ան իր գործօն մասնակցութեամբ մեծապէս նպաստած է նորաստեղծ մասնաճիւղի հզօրացման՝ իբրեւ վարչական, ատենապետ եւ համեստ անդամ, միշտ պատրաստակամ ըլլալով անոր վերելքին նպաստող ծրագիրներու եւ աշխատանքներու յաջողութեանց: Եղբայրը՝ իբրեւ կրթասէր անձնաւորութիւն, օգտակար հանդիսացած է նաեւ իր զաւակներուն յաճախած Շամլեան Ազգային վարժարանին՝ երկար տարիներ անոր Ծնողական յանձնախումբի գործօն անդամներէն մէկը հանդիսանալով: Շխրտըմեան նաեւ ծառայած է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բարելաւման նպաստող յանձնախումբերուն մէջ:
Մեծարեալ եղբայրը 23 տարիներ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի շրջանային մակարդակի վրայ: Իր ունեցած առողջ ղեկավարի յատկութիւններուն, պատասխանատուութեան գիտակցութեան, նուիրումին ու կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ, բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ վստահուած են իրեն. հինգ շրջաններ եղած է ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ: Եղբօր վստահուած են Նաւասարդեան գլխաւոր յանձնախումբի, անոնց բացման եւ փակման հանդիսութիւններու, Նաւասարդեանի յաղթանակի պարահանդէսի եւ փառատօնի յանձնախումբերու պատասխանատուութիւնները:
2016-ին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, նկատի ունենալով Վարդգէս Շխրտըմեանի ՀՄԸՄ-ի հանդէպ ցուցաբերած միութենական զոհողութիւնները եւ անսակարկ նուիրումը՝ ընդառաջած է մասնաճիւղի դիմումին եւ զայն պարգեւատրած է շրջանի ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն «Ծառայութեան» շքանշանով, իսկ 2019-ին անոր շնորհած է «Տիպար ՀՄԸՄ-ական–2019» տիտղոսը:
Եղբ. Շխրտըմեանի համար ՀՄԸՄ-ը իր կեանքի դպրոցն է, որմէ ժառանգած է կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու քաջութիւնը: Ան ՀՄԸՄ-ի շնորհիւ կրցած է ունենալ ընկերային լայն շրջանակ եւ մաքուր շրջապատ, որուն համար մեծապէս երախտապարտ է իր սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄ-ին:
«ՀՄԸՄ-ին անդամակցելով, ոչ միայն գիտելիքներս հարստացած են, այլ նաեւ կեանքս առաւել իմաստաւորուած է: ՀՄԸՄ-ը իմ երկրորդ տունն է, որուն շնորհիւ այնքան քաղցր յիշատակներ արձանագրուած են յիշողութեանս մէջ, որոնք կարելի չէ մոռնալ: Իմ փափաքս է, որ մեր ապագայ սերունդները անդամակցին ՀՄԸՄ-ին, հաւատան անոր առաքելութեան, հետապնդած նպատակներուն, իմաստալից «բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին եւ չզրկեն իրենց զաւակները եւ թոռները ՀՄԸՄ-ի բարիքներէն», յուզումնախառն զգացումներով պատասխանեց Վարդգէս Շխրտըմեան, իր պարգեւատրման առիթով իրեն ուղղուած հարցումին:
Կը շնորհաւորենք Վարդգէս Շխրտըմեանը «Տիպար ՀՄԸՄ-ական–2019» տիտղոսին արժանանալուն ուրախ առիթով, որուն անկասկած արժանի է: Վստահ ենք, որ ան իր աշխատասիրութեամբ, ՀՄԸՄ-ի հանդէպ ունեցած իր սիրոյն, յարգանքին ու հաւատքին, բարի օրինակ պիտի հանդիսանայ նորահաս մեր սերունդներուն:
(ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան Խաղերու Յատուկ Թղթակից)