Ծնած է Օրտու 1912-ին, որ կը գտնուի Թուրքիոյ հիւսիսը, Սեւ ծովու ափին, հայրը՝ Խաչիկ Ճէնլաթեան եւ մայրը՝ Զանակ Գալստեան-Ճէնլաթեան (Զանակ Տատի):
Երկու տարեկանին (1915 թ.) պատերազմի ընթացքին, Սամուէլի հայրը թուրքերուն կողմէ բանակ կը տարուի, իսկ ժամանակ մը ետք հրաման կու գայ, որ հայերը տեղահան ըլլան իրենց տուներէն. ու մայրը ստիպուած կ’ըլլայ երկու տարեկան Սամուէլը թուրք դրացիին տունը ձգելու եւ գաղթելու, յուսալով, որ քանի մը օրէն կը վերադառնայ տուն, չգիտնալով իր ապագայ ճակատագիրը:
(Այս իրական պատմութիւնը կրնաք կարդալ՝ «43 ՏԱՐԻ ԱՆՑ» «Ձայն Համշէնական» ամսաթերթին Մարտ-Ապրիլ 2011թ. (80-81)ին մէջ):
Որոշ ժամանակ մը ետք երբ Սամուէլի հօրեղբայրը կ’իմանայ, թէ փոքրիկը թուրքի մը տունն է, կը փնտռէ ու կ’ազատէ զայն եւ կը պահէ իր մօտ: Իսկ հայրը Խաչիկը, որ բանակին կը ծառայէր բանակէն կը փախչի դէպի անյայտ շրջան մը: Մայրը Զանակ, տարիներու չարչարանքներէ ետք, կը հասնի մինչեւ Մուսուլ, յետոյ կը ձգէ Մուսուլը ու կը վերադառնայ իր ծննդավայրը Օրտու։ Կը գտնէ իր զաւակը Սամուէլը, եւ իր ամուսինը Խաչիկը ու դարձեալ ընտանեկան բոյն կազմելով կ’ապրին։ Կ’ունենան երկրորդ զաւակ մը եւս։ 1921 թ. երկրորդ տեղահանութեան Սամուէլ արդէն 8 տարեկան էր, երբ իր հօր՝ Խաչիկին գիշերով թուրքերը կը բռնեն ու կը տանին: Անկէ ետք այլեւս Զանակ Տատին իր ամուսինը չի տեսած ու երկրորդ անգամ ըլլալով ան դարձեալ գաղթի ճամբան կը բռնէ, այս անգամ իր 2 զաւակները հետը առնելով:
Երբ մեծ դժուարութիւններով ու չարչարանքներով աքսորեալներուն կարաւանը կը հասնի Տիարպեքիր քաղաքի մօտ, Զանակ կը կորսնցնէ իր որդին Սամուէլը դէպքի մը պատճառով:
Ութ տարեկան Սամուէլը կը կորսուի եւ թուրք զինուորներուն ձեռքէն փախչելով կ’ազատի եւ ուրիշ կարաւանի մը կը միանայ, որմէ ետք օտարներու կողմէ որբանոց կը դրուի, ապա այդ որբերը կարաւանով կը փոխադրուին Լիբանան, Անթիլիասի որբանոցը, ուր հետագային կը կառուցուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը:
«Այս եղած է իմ ճակատագիրս», կ’ըսէր հայրիկս:
Ան ինծի կը պատմէր, թէ ինք մօտաւորապէս մինչեւ 16 տարեկան Անթիլիասի որբանոցը մնացած էր, հոն ստացած էր նախնական ուսումը, եւ որբանոցին մէջ ալ սորված էր կօշկակարութիւն:
Այդ օրերուն, որբանոցի տղոց միակ զբաղումը Ֆութպոլն էր, եւ Սամուէլը մասնակցած էր այդ Ֆութպոլի խումբին:
1924 թուականին Անթիլիասի գէտին մէջ կը մկրտուի Սահակ Բ. կաթողիկոսի ձեռամբ: Մկրտութեան ժամանակ կաթողիկոսը կը հարցնէ հօրս. «Տղաս, ի՞նչ է անունդ եւ մականունդ»։ Ան պահ մը տատամսելով, չգիտնալով իր ճիշդ մականունը, յանկարծ միտքը կը բերէ զօրավար Անդրանիկի անունը ու կ’ըսէ Սամուէլ Անդրանիկեան: Այդպէսով լիբանանեան տոմարին մէջ անոր անունը արձանագրուած է Սամուէլ Անդրանիկեան փոխան Սամուէլ Ճէնլաթեանի:
1928 թ. միջնորդներու կողմէ կը գտնէ իր մայրը՝ Զանակ Տատիին, որ կը գտնուէր Աբխազիա ու կը նամակցի անոր հետ: Ահաւասիկ այս նամակը, որ կը փաստէ այդ մէկը:
Որբանոցէն դուրս գալէն ետք, Սամուէլը ընկերներով կ’անցնի Զահլէ, ուր կը զբաղի կօշկակարութեամբ, կօշկակարութեան կողքին ան չի մոռնար իր մարզական աշխարհը եւ 1942-ին մաս կը կազմէ Հ. Մ. Ը. Մ.ի նորակազմ Ֆութպոլի առաջին խումբին, որ հետագային կ’ըլլայ Լիբանանի Ֆութպոլի ախոյեան խումբը:
Տարիներ ետք, ան կը վերադառնայ Պէյրութ եւ Էշրէֆիէի մէջ կը շարունակէ նոյն գործը։ Ժամանակ մը ետք բախտը կը բացուի եւ Պէյրութի «Մաարատի» շրջանէն սենեակ մը կը վարձէ, առաջին յարկի վրայ, եւ կը զբաղի կօշիկի պիտոյքներ վաճառելով:
1943 նոյեմբեր 28-ին կ’ամուսնանայ Մարի Փիլիպոսեանի հետ եւ 1944-ին կ’ունենան մանչ զաւակ մը, զոր կը կոչէ Խաչիկ, 1945-ին Խաչիկը կը մահանայ, ապա կ’ունենան 2 աղջիկ եւ 2 մանչ զաւակներ՝ Յասմիկ, Քնարիկ, Արա եւ Իշխան:
Ամուսնութենէն ետք, ան կը բնակի Պուրճ Համուտի մէջ:
Ներգաղթի օրերուն՝ 1946 – 1947 թուականին կը շարունակէ նամակցիլ իր մօր հետ։ Վերջապէս մեծ դժուարութեամբ 1964-ի ամառը կ’որոշէ ճամբորդել դէպի Վրաստան իր մօրը տեսնելու:
Պէյրութէն «Լաթֆիա» նաւով ճամբայ կ’ելլէ դէպի «Օտեսայի» նաւահանգիստը, իր տիկնոջ եւ կրտսեր որդւոյն 8 տարեկան Իշխանին հետ։ «Օտեսայէն» օդանաւով կ’անցնին Աբխազիա-Վրաստան, Գանտիատի գիւղաքաղաքը իր մօր՝ Զանակ Տատիին քով, ուր 2 ամիս անոնք հիւրը կ’ըլլան իր մօրը, մեծ մօրը եւ կեսրոջ։ 47 տարուան կարօտը առնելով, որմէ ետք կ’այցելեն Երեւան – Հայաստան – մէկ ամսուան համար, ուր կը գտնուէին Սամուէլին տիկնոջ՝ Մարիին մօրաքոյրը եւ անոր զաւակները:
Կը վերադառնայ Լիբանան։ 1964 – 1975 մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, կ’ապրի բարեկեցիկ կեանք մը իր ընտանիքին հետ:
Լիբանանեան պատերազմի տարիներուն (1975 – 1990) կ’անցնէ դժուար օրեր, կորսնցնելով իր խանութը եւ գործը, շրջան մը անգործ կը մնայ, ապա ձեռքի վրայ կը շարունակէ իր նոյն գործը։ Վերջին 15 տարիներուն կը սկսի վաճառել կօշիկի «քաթալոկ»ներ յաղթահարելով բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուէր ու այսպէս ան կ’ապրի առանց ոեւէ մէկու մը ձեռք երկարելու:
Սամուէլ Անդրանիկեանը եղած է համեստ, բարի եւ ազգասէր անձ մը, սիրուած իր բոլոր ընկերներէն եւ շրջանակէն:
Կը մահանայ 2005 թուականին, գիշերուան ժամը 12:00-ին, իր բնակարանին մէջ, Ապրիլ 24-ին, երբ ան հեռատեսիլէն կը հետեւէր Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յայտագիրներուն եւ մանաւանդ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած ուղղակի քայլարշաւին:
Այսպէս ցաւալի եղած է անոր կեանքը եւ մահը: