Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի նիստին, որ յատկացուած էր կարդալու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այն նամակը, որ կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կողմէ վառելանիւթին յատկացուող նպաստը կասեցնելու որոշումէն ետք երկրին տնտեսական ու ապրուստի պայմանները քննարկելու եւ համապատասխան որոշում տալու:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնիի մահուան յիշատակը:
Նիստին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան անմիջական առ հաշիւ գումար մը տրամադրելու` մեղմացնելու համար ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութեան համար քաղաքացիներուն վճարելիք հսկայական գումարները:
Պասիլ խստիւ դատապարտեց Ռիատ Սալամէի որոշումը` զայն նկատելով քաոս յառաջացնող եւ ինքնագլուխ որոշում մը, որուն հետեւանքը պիտի ըլլայ ապահովական պայթում մը:
Պասիլ Ռիատ Սալամէի որոշումը նկատեց տնտեսական շրջափակումի ծիրին մէջ տրուած որոշում:
Պասիլ նշեց, որ բոլորին նպատակը հանրապետութեան նախագահը միակ պատասխանատուն նկատելն է եւ զայն պաշտօնանկ ընելը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հարուած հասցնելը` լիբանանցիները նուաստացնելու, անոնց առողջութիւնը վատթարացնելու եւ նոյնիսկ անոնց արեան հաշուոյն:
«Իսկ նախագահը պաշտօնանկ ընելէ եւ Ազգային ազատ հոսանքը հարուածելէ ետք, կարգը կը հասնի Դիմադրութեան», ըսաւ Պասիլ` անդրադառնալով Լիբանանը տնտեսապէս շրջափակելու արտաքին դաւադրութեան:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, թէ Լիբանան տնտեսական շրջափակումի չէ ենթարկուած, այլ` կը կրէ ամբողջ աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն քանդումին հետեւանքը` փտածութեան, իշխանութիւնը բաժնուելու ախորժակներուն եւ իշխանութեան տիրելու ջանքերուն պատճառով:
Ատուան շեշտեց, որ ներկայ իշխանութիւնն է, որ շրջափակած է երկիրը:
Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ ամէնէն արագ լուծումը կարելի է ապահովել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմաց ծառացող հանգոյցներուն վերջ տալով:
Ան կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը չհրաւիրելու` լիբանանցիներուն պատկանող գումարները գրաւելու քայլին: «Այդ առաջարկը կը մերժենք», ըսաւ ան:
Երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ապրուստի պայմանները քննարկելու եւ համապատասխան որոշում տալու նպատակով կայացած խորհրդարանի նիստը վերածուեցաւ փոխադարձ ամբաստանութեան նիստի մը, որուն ընթացքին քաղաքական ուժերը իրարու ամբաստանեցին:
Աւելի՛ն. նիստին ընթացքին Պասիլի եւ Պըրրիի միջեւ արձանագրուեցաւ բանավէճ մը, որուն շրջագիծին մէջ Պասիլ հարց տուաւ, որ եթէ իբրեւ երեսփոխաններ այսօրուան նիստին ընթացքին չկարենան որոշում տալ, ապա ի՞նչ իմաստ ունի խորհրդարանին մաս կազմելը:
Այս արտայայտութեան Պըրրի պատասխանեց. «Ո՛չ ոք թող սպառնայ մեզի. ո՛վ որ կ՛ուզէ հրաժարիլ, թող հրաժարի»:
Պասիլ իր կարգին տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Չեմ սպառնար, այլ խորհրդարանէն կը պահանջեմ կեցուածք ճշդել»:
Նիստին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնները համաձայն գտնուեցան, որ նպաստը ամբողջութեամբ վերցուի, սակայն աստիճանաբար եւ հատուցման քարտի վաւերացումով: Մուսթաքպալ պլոքն ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն գտնուեցան, որ վառելանիւթի ու դեղորայքի ներածումը ազատականացուի:
Ամալ շարժումն ու Մուսթաքպալ հոսանքը հիմնական լուծումը տեսան նոր կառավարութեան կազմութեան մէջ:
Իսկ Հըզպալլա, որ իր կարգին կառավարութեան կազմութիւնը լուծում նկատեց` մէկ քայլ առաջ գնաց Ռիատ Սալամէի որոշումը դատապարտելով եւ անոր որոշումը նկատելով շշմեցնող: