ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Եուրոզի ստեղծագործութիւնները ոչ միայն ցարդ գնահատուած ու ցուցադրուած են շարք մը ժամանակակից արուեստի թանգարաններու մէջ, այլ նաեւ ուշադրութեան եւ գնահատանքի արժանացած են ՄԱԿ-ի եւ նոյնի՛սկ Վատիկանի կողմէ:
Վերջերս Եուրոզի արուեստի դիմաց իր դուռերը բացաւ նաեւ Սան Տիէկոյի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը եւ իր մնայուն հաւաքածոյին մէջ ներառեց Եուրոզի «Համբոյր կարմիր գլխարկի տակ» (սերեկրաֆի, 1992, 152.4 x 101.6cm) ստեղծագործութիւնը, որ նուիրատուութիւնն է տէր եւ տիկին Թամի եւ Միշել Լանկ ամոլին, որոնք յայտնի արուեստասէր-բարերարներ են Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Եուրոզի համբաւը դուրս գալով Ամերիկայի սահմաններէն եւ անցնելէ ետք Եւրոպայէն ու Միջին Արեւելքէն` հասած է մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք: Ան սեպտեմբեր 19-22 յատուկ հրաւէրով պիտի մասնակցի Չինաստանի Հինգերորդ միջազգային քաղաքային քանդակի փառատօնին: Իսկ երրորդ անգամ ըլլալով յունուարի 11-15 Նոազ Արք-ը զայն պիտի ներկայացնէ Սինկափուրի «Արդ սթէյճ» միջազգային արուեստի փառատօնին:
Այս մեծատաղանդ ստեղծագործողին ձեռք բերած միջազգային նուաճումները պատահական երեւոյթ չեն: Անոնք նախ տքնաջան եւ յարատեւ աշխատանքի արդիւնք են, եւ ապա Եուրոզ այն գեղանկարիչն է, որ յանդգնութիւնը ունեցաւ խորանալու խորանարդապաշտութեան մէջ եւ կրցաւ քայլ մը յառաջ տանիլ ու աստիճան մը վեր բարձրացնել զայն: Եուրոզ երկու տիտաններու, կարելի է ըսել իր մեծագոյն «ուսուցիչներէն»` Պրաքի եւ Փիքասոյի ստեղծած եւ արուեստի մէջ բեկում յառաջացուցած խորանարդապաշտութիւնը օժտեց լուսաերանգային վառ աշխուժութեամբ եւ համապատասխան խորհրդանշաններով: Եուրոզի արուեստը կը տարբերի թէ՛ համադրական եւ թէ՛ վերլուծական դասական խորանարդապաշտներէն իր կենսունակ եւ ոգեղէն արտայայտչականութեամբ ու բովանդակալից ու գեղեցիկ խորհրդանշաններով (նուռ, լոյս, գինի, կապոյտ վարդ, գիրք եւ այլն), որոնք «կ՛ապրին» այնպէս, ինչպէս` Եուրոզի նախապապերու «Սօսեաց անտառն» ու «Վիշապաքարերը»: Այսպիսով, գուցէ անոր արուեստը կարելի ըլլայ մկրտել նոր ԻԶՄ-ով մը ու անուանել Neo-Hylozoist (նոր-ոգեպաշտութիւն): Հին աշխարհի ժողովուրդներէն շատեր (յոյները, հայերը, բաբելացիները, հիթիթները եւ այլն) սկզբնական շրջանին հայլոզոյիստներ էին, այսինքն անոնք կը հաւատային, թէ բնութեան տարրերն ու առարկաները կ՛ապրին ու կը շնչեն եւ այս պատճառով կ՛անձնաւորէին ու կը պաշտէին զանոնք: Թէեւ այս առումով Եուրոզի արուեստը հայլոզոյիստական բնոյթ ունի, սակայն կարելի չէ իր մենաշնորհը համարել զայն: Բացի միջազգային բազմաթիւ արուեստագէտներէ` հայ մեծագոյն կերպարուեստագէտներէն շատերու արուեստը եւս թաթաւուն է հալոզոյիստական զգացողութեամբ: Ինչպէս` Արշիլ Կորքի, Ռուբէն Նաքեան, Երուանդ Քոչար, Գառզու եւ այլն:
Անշո՛ւշտ կերպարուեստագէտներու քով հայլոզոյիզմի դրսեւորումը ենթագիտակցական բնոյթ ունի: Այս առումով Եուրոզի արուեստը դեռեւս հանգամանօրէն եւ ըստ արժանւոյն չէ պեղուած եւ ուսումնասիրուած: Կարիքը կը զգացուի լուրջ եւ խոր վերլուծումներու ու մեկնաբանութիւններու:
ԾԱՆՕԹ.- Երբ այս ակնարկը պատրաստ էր արդէն մամուլին ղրկուելու, յանկարծ լուր ստացանք, որ Եուրոզի «Յաւերժութիւն» քանդակը արդէն իսկ ընտրուած է իբրեւ վերոյիշեալ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցող ստեղծագործութիւններէն մէկը եւ մնայուն ցուցադրութեան պիտի արժանանայ JIMO-ի «AU Wangshan Forest Sculpture Park»-ի մէջ: