Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, 19 դեկտեմբերէն սկսեալ, Արցախի հանրապետութեան դէմ թուրք-ազերիական յարձակումներուն ընթացքին, հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած նահատակներու յիշատակին, եօրեայ սուգ յայտարարուած է Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի հանրապետութեան դրօշը մինչեւ դրօշաձողը վար պիտի առնուի սգոյ օրերուն եւ սգոյ արարողութիւններուն ժամանակ: Ազգային դրօշակի վերի մասին վրայ պիտի ամրացուի սեւ ժապաւէն: