ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը.
մէկը Հօրը քով չի գար` եթէ ոչ Ինծմով»:
Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6
Արդէն եղաւ մօտաւորապէս ամիս մը, որ նստած եմ տուն` Քուէյթ, եւ չեմ ճամբորդեր: Երեւի իմ աւելի քան երեսուն երկար տարիներու ճամբորդական աշխատանքային կեանքիս մէջ ամէնէն երկար ժամանակն է ասիկա, որ տունը կը մնամ: Սկսայ տեսնել, թէ ի՛նչ կրնայ նշանակել «տան կալանաւորում», որուն դատարանները կը դատապարտեն երբեմն կարգ մը մեղադրեալներ` իբրեւ պատիժ: Բայց առանձինս չեմ այս մեղադրեալներուն շարքին:
«Տո՛ւն մնա» կարգախօսը ամբողջ աշխարհ դրաւ տան կալանաւորումի վիճակի մէջ: Աշխարհն ամբողջ դէմ յանդիման է «Քորոնա» ժահրի, որ վերածուած է համավարակի եւ ստեղծած համաշխարհային տագնապ: Այս իմաստով տագնապը կ՛ընդգրկէ «Բոլորը(ս)`այսինքն բոլորը(ս)»: Եւ այս համավարակը ստեղծած է սպառնալիք, վախ եւ նոյնիսկ մահ, որ կը հնձէ կեանքեր` տարեց թէ երիտասարդ:
Շատ են ենթադրութիւնները ու դաւադրական վարկածները` քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնագաւառներուն վրայ «Քորոնա» ժահրին ազդեցութեան վերաբերող, ինչ որ աւելիով կը սրէ ճգնաժամային մթնոլորտը: Մարդիկ այսօր կը խօսին, որ ներկայ տագնապը աշխարհը կը տանի դէպի նոր համակարգ մը: Բայց ի՞նչ տեսակի նոր համակարգ, որ տարբեր պիտի ըլլայ ներկայէն: Արդեօք պիտի ստեղծուի՞ համակարգ մը, ուր մարդը եւ մարդկութիւնը աւելի ապահով պիտի զգան:
Այնպէս կը թուի, թէ այս տարի Յարութեան տօնին եկեղեցական պատարագներուն եւ պաշտամունքներուն պիտի հետեւինք մեր բնակարաններէն` համացանցին միջոցով: Համացանցի միջոցով թէ այլապէս, հիմնականը այսօր այն է, թէ Յարութեան պատգամը պէտք է դարձնել ապրող իրականութիւն մը, ուր մարդկութիւնը եւ աշխարհը կրնան գտնել իրենց փնտռած ապահովութիւնը:
Քրիստոս կու տա՛յ այդ ապահովութիւնը: Քրիստոս աշխարհ եկաւ յատուկ առաքելութեամբ մը, որպէսզի մարդուն եւ աշխարհին տայ ամբողջական կեանք մը, որ տարբեր է աշխարհէն: Աստուածաշունչին մէջ Քրիստոս եօթը անգամ տարբեր առիթներով ըսաւ. «Ե՛ս եմ»: Ասիկա եթէ մէկ կողմէ զօրաւոր եւ խիստ արտայայտութիւն էր` իր անձին նկատմամբ, բայց նոյնքան նաեւ նպատակասլաց է: Հոն, ուր Քրիստոս կը ձգտի իր անձը առնչել կեանքին եւ անոր մէջ որոշակի եւ հաստատ իրավիճակներու հետ:
Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»: Քրիստոսի այս ճշմարիտ ճամբան կը ստեղծէ կեանք մը, որ կը տանի զայն յաւիտենականութեան, որովհետեւ «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի` պիտի ապրի» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 11:25): Եւ կայ ապրելու եւ յաւիտենականութեան միացնող օղակը: Եւ Քրիստոս հաստատեց. «Մէկը Հօրը քով չի գար` եթէ ոչ Ինծմով» (Աւետարան ըստ Յովհաննու 14:6): Քրիստոսի ճշմարիտ կեանքի ճամբան կը միացնէ մարդուն ապրած երկրային կեանքը անոր երկնային իրականութեան հետ` իմմա` Հօր Աստուծոյ, որ կը տանի մարդը յաւիտենականութեան: Այս ձեւով ֆիզիքականը հոգեւորին հետ միաձուլելով, Քրիստոս կը ստեղծէ մարդուն համար ամբողջական էութիւն մը, որուն միջոցով մարդուն կեանքը կ’իմաստաւորուի:
Քրիստոնէական աստուածաբանութեան իւրայատկութիւնը կը կայանայ ճիշդ այս իրականութեան մէջ. «Ե՛ս եմ»: Չկայ ուրիշ իրականութիւն մը, որ յանդգնած է Քրիստոսի նման ճշմարիտ կեանքի ճամբան ամփոփել ինքն իր անձին մէջ եւ իր միջոցաւ: Այս իրական է եւ իւրայատուկ, որովհետեւ Քրիստոս կերտեց զայն իր անձնական կեանքով: Ան իր կեանքը տուաւ, եթէ մէկ կողմէն խաչին վրայ` իր մահուամբ, բայց նաեւ իր յարութեամբ, երբ ան պատերազմեցաւ մահուան դէմ եւ յաղթեց անոր:
Քրիստոս իր կեանքը շնորհեց, որպէսզի մարդ արարածը առանձնաշնորհումը ունենայ իւրացնելու եւ ապրելու այս նոր կեանքը: Այս նորին մէջ մարդը պիտի վերագնտէ իր երբեմնի նկարագիրը` իմմա Ստեղծողին «պատկեր»-ը, որ ԲԱՐԻ է:
Աշխարհը եթէ նոր համակարգ կ՛ուզէ ստեղծել այսօր, կայ Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբան, որ կը տանի մեզ բոլորս կեանքի մը, որուն հիմքը ԲԱՐԻ է: Եւ այս բարին է եւ բարիին միջոցով է, որ մարդ դէմ կը կենայ չարին, որովհետեւ չարը` ներկայ օրերու տագնապը, աշխարհէն տակաւին վերացած չէ:
Տագնապ բառը չինարէնի մէջ երկու իմաստ ունի` վտանգ եւ պատեհութիւն: Այսօր ամբողջ աշխարհը` ե՛ս, դո՛ւն եւ բոլո՛րս, կ’ապրինք այս տագնապը եւ անոր ստեղծած վտանգի ահաւոր մթնոլորտը: Ոչ ոք բացառուած է այս անգամ: Իսկ վտանգը «Քորոնա» ժահրն է: Սարսափ, վախ եւ մահ` ամէն կողմ: Աշխարհը այսօր պատերազմ յայտարարած է անոր դէմ: Կայ նաեւ անոր ստեղծած պատեհութիւնը` երկրորդ իմաստը, թէ ի՞նչ զինամթերք պիտի գործածենք, որպէսզի դէմ դնենք այս ժահրին: Բայց մանաւանդ, ի՞նչ տեսակի համակարգ մը պիտի ստեղծենք, որպէսզի աշխարհը դառնայ աւելի խաղաղ, աւելի ԲԱՐԻ:
Ներկայ տագնապը կը տեսնենք որպէս վտա՞նգ, թէ՞ պատեհութիւն:
Քրիստոսի «Ես»-ը կը շնորհէ այս կեանքը` ԲԱՐԻն: Այս կեանքով կրնանք այսօր դէմ կենալ բոլոր տագնապներուն եւ կերտել նոր կեանքեր, ուր աշխարհը կրնայ տեսնել կեանքի իրական արժէքը: Հոն, ուր աշխարհը կը վերագտնէ մարդկայինը ինքն իր մէջ` այսինքն սարին, որմէ աշխարհը հեռացած է այսօր:
Ընտրանքը մերն է` վտա՞նգ, թէ՞ պատեհութիւն:
Երանի «տագնապ»ը տեսնենք որպէս պատեհութիւն, որովհետեւ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Անոր յարութիւնը մեզի դրաւ ճշմարիտ ճամբու մը մէջ, որ կը տանի դէպի նոր կեանք:
Քրիստոսի յարութիւնը օրհնեալ է, որովհետեւ Նոր Կեանքով մարդը եւ աշխարհը կրնան կերտել բարին, որ օրհնեալ է:
Ընտրանքը մերն է` վտա՞նգ, թէ՞ պատեհութիւն:
Անպայմանօրէն պատեհութիւն, որովհետեւ Քրիստոս մեզի տուաւ ապահովութիւն եւ ըսաւ. «Ե՛ս եմ»: Եթէ աշխարհը ապահովութիւն պիտի ստեղծէ, կը նշանակէ պարտի կառչիլ Քրիստոսի «Ես»-ին, որ մեզ կը տանի ճշմարիտ կեանքին` բարիին եւ Քրիստոսի ստեղծած ճշմարիտ ճամբուն:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:
Ապրիլ 2020