ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այսօր ընդունած է պոլսահայ գրող, հրապարակախօս, «Մարմարա» քաղաքական, հասարակական օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, բազմաթիւ մրցանակներու, ներառեալ` 2011-ին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանի արժանացած Ռոպէր Հատտէճեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը:
Մեծապէս գնահատելով վաստակաշատ խմբագրապետի` աւելի քան չորս տասնամեակ Սփիւռքի ամենահին համայնքներէն մէկուն` Պոլսոյ մէջ օրաթերթը պահելու եւ նորանոր բարձունքներու հասցնելու ջանքերը` գերատեսչութեան ղեկավարը նշած է, որ միայն նման անհատականութիւններու շնորհիւ է, որ համայնքը կ’ապրի եւ կը պահպանէ իր հայեցի դիմագիծը:
Շնորհաւորելով Ռ. Հատտէճէանը լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի ծիրէն ներս սփիւռքեան լրատուամիջոցներու մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակին արժանանալուն առիթով` տիկին Յակոբեան ընդգծած է, որ «Մարմարա»-ն հիմնադրման օրէն ի վեր իր վրայ վերցուցած է համայնքին մէջ մայրենի լեզուի, հայ մշակոյթի պահպանման դժուար գործը:
1967-էն ամբողջութեամբ ստանձնելով օրաթերթը ղեկավարելու պատասխանատւութիւնը` Ռ. Հատտէճեան աննախադէպ բարձունքներու հասցուցած է Պոլսոյ մէջ հայ գրական կեանքի կազմակերպման, զարգացման եւ օրաթերթի միջոցով նաեւ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի այլ համայնքներու մէջ հասանելի դարձնելու գործը:
«ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման առաջին իսկ օրերից «Մարմարա»-ն մեր կողքին է, ամենայն հոգատարութեամբ անդրադառնում է գերատեսչութեան կողմից իրականացուող բոլոր հայանպաստ ծրագրերին»,- նշած է ՀՀ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով,- «Մենք շատ ենք սիրում Ձեզ եւ պատրաստ ենք աջակցել` գործունէութեան ընթացքում առաջացած բոլոր դժուարութիւններին լուծումներ տալու գործում»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով գերատեսչութեան ղեկավարին ջերմ ընդունելութեան եւ համայնքին հանդէպ ունեցած մշտառկայ հոգատարութեան համար` Ռ. Հատտէճեան նշած է, որ այդ է Սփիւռքի մէջ համայնքներու պահպանման իրական եւ մեծ ազդակը:
Հրանոյշ Յակոբեանի այն խօսքէն, թէ «Մարմարա»-ի ամենակարեւոր առաւելութիւնը տեղական յորդորներուն տեղի չտալը եւ միայն հայերէն լեզուով թերթի հրապարակումն է, խմբագրապետը հաւաստիացուցած է,- «Ես իմ գրականութենէս ո’չ որակով կը հպարտանամ, ո’չ ալ քանակով, այլ միայն` լեզուով»: