Երէկուան գինեձօնը, որ սարքուած էր Ամերիկայէն ժամանած պր. Զաւէն Խանճեանի գիրքերուն համար, ի՛սկապէս երազային երեկոյ մը ապրեցուց մեզի՝ «երազային Հալէպ»-ի բնակիչներուս:
Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահը, անգամ մը եւս, դարձաւ գրականաշունչ ապրումներու, տոհմիկ զգացումներու եւ արուեստի անխարդախ զգայնութեանց խաչաձեւումի հարթակ մը, ուր հարազատօրէն հնչեց Հայ Բառը, Հայ Ձայնը ու Հայ Միտքը:
Քիչ անգամ կը վայելենք այսքան փառաւոր ու տպաւորիչ, այսքան առինքնող հանդէս մը:
Ամէն ինչ, յետին մանրամասնութեամբ, տնօրինուած էր բացառիկ բծախնդրութեամբ ու վայելչութեամբ:
Լո՛յս կը ցողար սրահին մէջ, ճաշակն ու կոկիկութիւնը կը գտնուէին իրենց գագաթային բարձրութեան վրայ, ու Ամերիկայէն ժամանած հիւրն իսկ, գինեձօնի արարողութեան պահուն, ի սկզբանէ կը յայտարարէր, թէ արդէն գինովցեր էր…
Այո՛, երէկ, մենք «երազային Հալէպ»-ը ապրեցանք Ծառուկեանի նշանաւոր գիրքէն դուրս՝ մեր մորթին վրայ, մեր բոցավառ աչքերով ու մեր սրտին տրոփիւնով…:
Լ. Շ.