Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Երազիս մէջ հիւր էի վարդատօնին դրախտի,
Ծաղիկ ծաղիկ կը տեղար աստղավարդեր երկինքի,
Հոն էին հոն լուսահոգի գրչեղբայրներս բոլոր
Սարոյեանը հոն եկած՝ մեծ Հայաստան մ՛էր հիմնած,
Ու գարուն կար ամէն տեղ եւ Շիրազը կը քալէր
Մանիշակներ ձեռքերուն ու շուշաններ ոտքերուն,
Ողջունեցին ինձ սիրո՜վ բայց Չարենցն էր համբուրեց
Ճերմակ ճակատս պայծառ … կարծես Մասիսը ըլլար,
Ու համբոյրով սկսաւ վարդատօնը եդեմի …
Քերթողները երգեցին Կենաց Ծառի լայն շուքին,
Կարօտ կարօտ ունէին հայրենիքին հայ երգին,
Ու խնճոյքի աւարտին հարցումները տեղացին,
Վարուժանն էր հարց տուաւ «տաղերը մեր ի՞նչ եղան»
Ըսի մերթ մերթ կը յիշուին, հացին երգը ծամելով
Հիմա հայեր ամէն տեղ հացի ետին կը վազեն,
Օտար ամայի ճամբուն՝ Իսահակեան կը յիշուի
Կարաւանները սակայն հայրենիքէն դուրս կու գան …
Մոռցուեր է Սիլվայի «Ու տե՛ս որդիս Հայ Լեզուն»
Դպրոցները գոցեցին … մայրերու սիրտ կ’արիւնի …
Լուսաւորչի կանթեղն ալ կամաց-կամաց կը մարի
Երբ քարոզը ժամին մէջ օտար լեզուով կը տրուի …
Խենթացեր են հայերը՝ անմիաբան են ըսի
Սիրահարներ են միայն չորքոտանի աթոռի …
Լացաւ Չարենցը լացաւ, ես ալ իր կողքին լացի
Ու արցունքով երազին՝ թաց-թաց աչքերս բացի …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան