ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Լիբանանահայութեան կեանքի մէկ կարեւոր մասնիկը եղած է գրատուներու գոյութիւնը:
Ինչպէս` դպրոցը, եկեղեցին, ակումբը, թատրոնն ու միութիւնները, գրատուները օրին կամ ժամանակին մեծ դեր ունեցած էին սերունդներու դաստիարակութեան մէջ:
Փաստօրէն գաղութին մէջ կը գործէին տասնեակ մը գրատուներ, ուր արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն գիրքերու մեծ հաւաքածոներ կը գտնէին:
Շատ յաճախ գրատուները վերածուած էին մտաւորականներու հանդիպման վայրերու: Կը յիշեմ, որ գրատուն «Պերճ»-ը, գրատուն «Նուպար»-ը, գրատուն «Տօնիկեան»-ը եւ գրատուն «Շիրակ»-ը զանազան առիթներով յօդուածի մը, գիրքի մը հրատարակութեան կամ ձեռնարկի մը քննարկման բաց ակումբներու կը վերածուէին:
Եթէ Մար Մըխայելէն դէպի Պուրճ Համուտ ուղղուէի, կը հանդիպէի գրատուներու` «Տօնիկեան», «Շիրակ», «Րաֆֆի», «Օմար Խայեամ», «Նուպար», «Ուրֆալեան», «Պերճ», «Ոսկեդար»… Բոլորը չկան այլեւս: «Տօնիկեան»-ը եւ «Շիրակ»-ը գրախանութի վերածուած են: Միւսները` փակուած:
Կը շարունակեն գործել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ «Համազգային»-ի գրատուները:
Օրերը փոխուած են` պիտի ըսէք: Համացանցով գիրքեր կարելի է գնել` պիտի մտածէք: Ճիշդ է, այս բոլորը այլ երկիրներու մէջ ալ կը կիրարկուին, սակայն գրատուները տակաւին կանգուն կը մնան:
Թումանեանի ծննդեան տօնին առիթով Հայաստանի մէջ օրինակելի նախաձեռնութիւն մը կայ` Գիրք նուիրելու օր: Հաւանաբար պէտք է սփիւռքի մէջ ալ նման օրեր որդեգրուին, որպէսզի հայ գիրքը հայ տուներէն ներս մուտք գործէ:
Գիտեմ` Լիբանանի այս ճգնաժամի օրերուն հաւանաբար մտածուի, որ մարդիկ ուտելու հաց չունին, եկեր է` գիրքերու մասին կը գրէ:
Գիտեմ` բոլորս ալ ճգնաժամի մէջ ենք: Բոլորս ալ զանազան տեսակի մղձաւանջներ կ՛անցընենք: Բայց իսկապէս գիտցէք, որ գիրքը ոգեղէն սնունդ է, հոգիները ազնուացնելու կախարդական միջոց: Այս օրերուն մենք կարիքը ունինք այդ մէկուն ալ, եւ գիրք կարդալն ու տարածելը հոգեպէս եւ բարոյապէս լաւ զգալու ձեւ է:
Փորձեցէ՛ք: