Լիբանանցիները այսօր կը տօնեն հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան զօրքերու հեռացման տարեդարձը: Հպարտառիթ այս տօնը իսկական զնծութիւն է հայրենասէր իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար: Տարիներու հարուածներէն ետք, իսրայէլեան բռնագրաւիչ զօրքերը խոնարհելով Դիմադրութեան անտեղիտալի պայքարին առջեւ, ի վերջոյ հեռացան հարաւէն, իրենց գերիշխանութեան տակ ձգելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ վիճելի տարածութիւն մը:
Դիմադրութիւնը կը խորհրդանշէ օրհասական պահուն , բանակի կողքին՝ օտար զօրքերու դէմ պայքարելու, հողն ու հայրենիքը պաշտպանելու ժողովուրդի մը վճռակամութիւնը: Պատմութիւնը լեցուն է դիմադրութեան պանծալի էջերով: Ո՞վ կրնայ մոռնալ Ֆաշիզմի դէմ ֆրանսացի, սպանացի, չեխ, յոյն, պուլկար, ռուս եւ այլ ժողովուրդներու կերտած անմոռանալի էջերը, հայրենիքի ազատութեան համար իրենց ամենաթանկագինը նուիրաբերած բիւրաւոր անանուն հերոսներու սխրագործութիւնները: Ո՞վ կրնայ ուրանալ օսմանեան եւ իսրայէլեան բռնատիրութիւններուն դէմ արաբ եւ ի մասնաւորի լիբանանցի ժողովուրդին հերոսական դրուագները: Պատմութիւնը ուրացող ժողովուրդը չի կրնար կերտել ապագայ: Քաղաքակիրթ ժողովուրդներ այսօր պարծանքով կը յիշեն դիմադրական շարժումներու ծանօթ ու անծանօթ հերոսները: Ժողովուրդի սրտէն բխող ինքնամատոյց դիմադրութիւնը նման է այն հռոմէացի քաղաքացիին, որ անհրաժեշտութեան պարագային, պարտականութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ աւարտելէ ետք, իր ազգային ու հայրենական պարտականութիւնը կատարելէ ետք, կը վերադառնայ իր սեփական ասպարէզին:
Լիբանանի 19-րդ եւ 20-րդ դարու պատմութիւնը հարուստ է դիմադրութեան դրուագներով: Սակայն դժբախտաբար ժամանակակից պատմութեան մէջ, դիմադրութիւն եզրը դուրս եկաւ իր խորհուրդէն ու պարունակէն, դառնալու քաղաքական շահարկման դրամագլուխ, շրջանային ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան գործօն: Անցնող դարու վաթսունականներէն սկսեալ, քաղաքական հոսանքներ պաղեստինեան զէնքը փորձեցին յաւերժացնել դիմադրութեան հասկացողութեան հետ: Պաղեստինեան զէնքը դարձաւ սրբութիւն սրբոց՝ պետութեան մէջ պետութիւն: Ախալ չհասկցուինք, կը մնանք ու պիտի մնանք պաղեստինցի ժողովուրդին արդար դատին եւ իրաւունքներուն պաշտպան, սակայն ոչ՝ Լիբանանը կռուադաշտի վերածելու գնով: Սակայն յանուն պատմական ճշմարտութեան, եօթանասունականներուն եւ ութսունականներուն, պաղեստինեան զէնքին զուգահեռ, հարաւային Լիբանանի, արեւմտեան Պէյրութի մէջ եւ այլուր, տարբեր համայնքներ ներկայացնող բազմաթիւ քաջարի լիբանանցիներ անմոռանալի գործողութիւններ իրականացուցին իսրայէլեան ներխուժող բանակին դէմ: Գեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրէն ետք նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ: Ութսունականներէն սկսեալ, լիբանանեան դիմադրութիւնը աստիճանաբար անցաւ համայնքի մը ազդեցութեան տակ, որ աւելի կազմակերպուած եւ լիարժէք հարուածներ սկսաւ հասցնել իսրայէլեան բռնագրաւիչ զօրքերուն: Այդ միջոցին ցաւալի կորուստներ կրեց Իսրայէլ: Դիւրին չեղան այդ յաղթանակները: Անոնք նոյնպէս կերտուեցան լիբանանցի հերոսներու արեամբ: Իսրայէլեան ուժերը հեռացան Լիբանանէն: Օրին բարձրաձայն ողջունեցինք հայրենիքը ազատագրելու Դիմադրութեան նուաճումները: Բայց դժբախտաբար Դիմադրութիւնը իր յաղթանակը գործնապէս չնուիրեց պետականութեան:Ան չհետեւեցաւ հռոմէացի քաղաքացիի օրինակին: Ան դարձաւ երկրին ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան վրայ իր արեւելումը պարտադրող ուժ: Դիմադրութիւնը կը մռնայ, թէ ու՞ր պիտի հասցնէ պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու փորձը, փորձ մը՝ որ բաւական ծանր արժած է Լիբանանին: Ինչ խօսք, որ Դիմադրութիւնը պատուով կատարեց հայրենիքը իսրայէլեան զօրքերէն ազատագրելու իր առաքելութիւնը: Այսօր նոր էջ մը բացուած է Լիբանանի առջեւ: Երկիրը թեւակոխած է քաղաքակիրթ, ժամանակակից պետականութիւն կերտելու հանգրուանը: Ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը՝ պիտի խոնարհինք Դիմադրութեան առջեւ, երբ հայրենիքի հողին եւ Լիբանանեան հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան համար, քաջարի բանակին կողքին ստանձնէ որոշակի դերակատարութիւն: Բայց կը մերժենք նոյն Դիմադրութիւնը, երբ իսրայէլեան բանակին դէմ ցցած զէնքը ուղղէ իր հարազատ ժողովուրդին դէմ: Այստեղ Դիմադրութիւնը կը կորսնցնէ իր վարկն եւ հեղինակութիւնը ու կը դառնայ թաղային հեղինակութիւն…: Զէնքի մշակոյթը չի կրնար ուղեցոյց դառնալ ապագայ սերունդներուն:
Լիբանանցիները այսօր կը տօնեն ազատագրութեան տօնը: Թշնամին հեռացած է մեր հողերէն, բայց միաժամանակ թափանցած է Լիբանանի սահմաններէն ներս, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական հոսանքներուն եւ համայնքներուն մեծամասնութիւնը օտարի ծառայութեան մէջ կը տեսնեն իրենց հայրենիքը : Իսկական ազատագրութիւնը պիտի գայ այն պահուն, երբ լիբանանցիները հոգեպէս պատրաստ ըլլան ձերբազատելու երկրին գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը վիճարկող լծակներէն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com