Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած «Երգ Հայաստանի մասին» իր նոր օրադորիան զուիցերիացի երգահան, դաշնակահար, երգեհոնահար եւ հայագէտ Ալեքսանդր Պրինգեն ներկայացուցած է Նարեկացի արուեստի միութեան տան մէջ Հոկտեմբեր 10-ին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Նարեկացի արուեստի միութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Երեք խոշոր մասԷ կազմուած ստեղծագործութիւնը գրուած է երկու ասմունքողի, մեծ երգչախումբի, հայկական ժողովրդական նուագարաններու անսամպլի եւ լիակազմ սիմֆոնիկ նուագախումբի համար: Օրադորիայի ողջ լիպրեդդոն կազմուած է Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահագն Դաւթեանի արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններէն:
«Դեռ ուսանողական տարիներուն, երբ կ’ուսանէի Ս. Փեթերզպուրկի երաժշտանոցին մէջ, մենք կ’անցնէինք «Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու երաժշտութիւն» դասանիւթը, եւ այն երաժշտահանը, որ զիս տպաւորեց ամենաշատը ու մեծ յարգանք յառաջացուց` Կոմիտասն էր, ու մասնաւորապէս անոր դաշնամուրի համար գրուած «Չինար ես»-ը»,- ըսած է Պրինգեն: Անոր խօսքով` օրադորիայի առաջին մասը վերնագրուած է «Հայրենի հողի երգեր» եւ կազմուած է Դանիէլ Վարուժանի բնագրերուն հիման վրայ ստեղծուած առանձին հինգ դրուագներէ` «Հայկական լեռներու երգ», «Հերքի երգ», «Ձնի երգ», «Ցորենի երգ», «Հունձքի երգ»: «Ցասումի ու վշտի երգեր» վերնագիրով երկրորդ մասին մէջ զետեղուած են հատուածներ Վարուժանի «Ջարդը», Սիամանթոյի «Մահուան տեսիլ» եւ Դաւթեանի «Ռեքուիեմ» նշանաւոր բանաստեղծական ստեղծագործութիւններէն: Երրորդ մասը` «Վերածնունդ եւ յոյսի երգեր», կազմուած է երեք դրուագէ. «Հայկական լեռներու երգը», «Վերածնուող հայրենիքի գովերգ» (Իսահակեանի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ), «Հրաւէրք պայքարի» (Դ. Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութեան հիման վրայ):
Ողջ դասախօսութիւնը Ալեքսանդր Պրինգեն վարած է հայերէնով, որուն երաժշտահանը փայլուն կը տիրապետէ եւ որ ան սկսած է ուսումնասիրել 1975-ին, երբ Ս. Փեթերզպուրկէն այցելելով Հայաստան` մասնակցելու համամիութենական երաժշտագիտական համաժողովին, սիրահարուած է հայ ժողովուրդին եւ մշակոյթին:
Հանդիսութեան աւարտին` Նարեկացի արուեստի միութեան տան մէջ ողջունելով երաժշտահանը` կեդրոնի հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան անոր յանձնած է Միութեան աւանդական նուռը եւ Նարեկացի արուեստի միութեան հրատարակած` Վահան Արծրունիի եւ Յասմիկ Պաղտասարեանի «Մաշտոց. սրբազան մարգարիտներ» երաժշտական ալպոմը:
Զուիցերիացի երգահան, դաշնակահար, երգեհոնահար եւ հայագէտ Ալեքսանդր Պրինգեն (1955-ի ծնունդ) նաեւ հեղինակած է երեք սիմֆոնիա, «Ձնէ թագուհի» պալէն, լատինական պատարագ եւ շարք մը այլ երաժշտական ստեղծագործութիւններ: