ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Ազգային-ազատագրական պայքարի, յեղափոխական եւ ռազմահայրենասիրական երգերու պահպանումն ու փոխանցումը սերունդէ սերունդ` սրբազան առաքելութիւն է:
Յեղափոխաշունչ երգը իր ծնունդէն սկսեալ ոգեւորիչ ազդեցութեամբ անմահացուցած է տուեալ դէպքերու իրադարձութիւնները եւ այդ դէպքերու յաղթանակի կերտիչները` անոնց ձեռք բերած անուրանալի նուաճումներով: Այդ երգերը փոխանցումն են պատմութեան յիշողութեան` իր հերոսներով, դէպքերով ու աշխարհագրական վայրերով:
Ուսումնասիրական այս տեսակի աշխատութիւնները, դէպքերու եւ դէմքերու նկարագրութիւններէ անդին, կը նպատակադրեն նաեւ այդ սխրագործութիւնները մեր յիշողութեան մէջ քանդակելու համար երգի վերածող հեղինակներու ինքնութիւնները հետազօտել եւ անոնց անունները յայտնաբերել:
Հոս լուսարձակի տակ կ՛առնենք արեամբ, նահատակութեամբ, հերոսութեամբ եւ յաղթանակի սաւառնաթեւ բոցով գրուած «ՄԵՆԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ» երգը:
Մեր աշխատութեան ընթացքին Մենակի նուիրուած երգին մասին բաւական հետաքրքրական նիւթեր կը ներկայացնենք ընթերցողին. երգին ծնունդը, անոր տուն տուող հիմնական շարժառիթը, երգին հեղինակը եւ ասոնց առընթեր այլ գիտելիքներ:
1904-ի ապստամբութեան պատրաստուող Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու համար, 1903-ի աշնան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը ձեռնարկէ իր պատմութեան մեծագոյն զինատար խումբին կազմութեան` ձիաւոր եւ հետեւակ գունդերով: Ձիաւոր գունդը կը գլխաւորէ Խանը (Բարսեղ Թիրաքեան), իսկ հետեւակը` Օնիկ Նեւրուզի (Յովհաննէս Նեւրուզեան):
Այս ձեռնարկը երկու նպատակ կը հետապնդէր.
Ա.- Պարենաւորել երկու խումբերը առատ պաշարով (անոնց միացեալ թիւը կը հասնէր 150-ի) եւ այդ պաշարը հասցնել Սասուն:
Բ.- Խումբերը օժտել անձերով, որոնք Երկիր հասնելով` կրնան դառնալ տեղական գործիչներ եւ ֆետայական խմբապետներ:
Հազիւ 20 տարեկան էր ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ Վանայ Իշխան (Նիկողայոս, Նիկոլ Պօղոսեան, Միքայէլեան), երբ 1903-ին միացաւ ռուս-թրքական սահմանը հատող Նեւրուզի զինատար խումբին` Սասուն զէնք եւ կռուող ուժ հասցնելու առաքելութեամբ:
Իշխան ծնած էր Արցախ աշխարհի միջնաբերդ Շուշիի մէջ, 1883-ին, Նիկոլ Միքայէլեան աւազանի անունով: Յաճախած էր տեղւոյն թեմական վարժարանը, ուր պատանի տարիքէն դրսեւորած էր քաջ, անվեհեր եւ ըմբոստ իր նկարագիրը: Իր ըմբոստութեան պատճառով վտարուած էր Շուշիի թեմականէն, բայց ուսումնատենչ եւ ընդունակ ըլլալով` Իշխան իր ուսումը շարունակած էր Երեւանի թեմական վարժարանին մէջ:
Աշակերտական տարիներուն Շուշիի մէջ ծանօթացած էր Արամ Մանուկեանին` մասնակցելով Արամի կազմած աշակերտական ինքնազարգացման ու յեղափոխական խումբերուն: Այդ ճամբով նաեւ կանուխ տարիքէն անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան:
Արամի եւ Իշխանի միջեւ ստեղծուած էր գաղափարական խոր մտերմութիւն, որ մինչեւ վերջ շարունակուեցաւ:
Արամ Մանուկեանի իսկ վկայութեամբ, Իշխան «զարմանալի ղեկավարելու, թելադրելու, կազմակերպելու շնորհ ունէր: Նրանից պատկառում էին ե՛ւ Վանի մեր ընկերներն ու զինուորները: Իսկ ժողովուրդը ոչ միայն պատկառում էր, այլեւ` սիրում: Արդէն սկսել էին երգել նրա քաջագործութիւնները` «Իշխան եկաւ, ձեռքն մաուզեր®»: Կա՛րճ. իմ Վան մտած ժամանակ Իշխանը, կարելի է ասել, ամենահեղինակաւոր զինուորական յեղափոխականն էր»:
Ապստամբութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ զինատար խումբերու կազմակերպման համար այդ օրերուն իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ յեղափոխականի ցանկութիւնն էր Խանի եւ Նեւրուզի խումբերուն մաս կազմելը: Խումբերու անդամներուն ընտրութիւնը չափազանց խիստ էր, որովհետեւ նկատի կ՛առնուէին անհրաժեշտ մարզերուն մէջ միայն ընտիրները: Այս մարտական առաքելութեան մէջ Իշխանի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Մենակի միջոցով: Այս վերջինէն պահանջուած էր գտնել յարմար «վալադ»-ներ (ուղեցոյց)` խումբերը առաջնորդելու համար: Իշխանը դարձաւ Մենակի ընտրութիւններէն մէկը, նկատի ունենալով, որ ան արդէն որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգած էր` այս մարզին մէջ` սահմանային Բասէն շրջանին մէջ գործիչային որոշ աշխատանքներ տանելու նպատակով:
Նեւրուզի եւ Խանի զինատար խումբը մինչ այդ Երկիր ղրկուած խումբերուն ամէնէն աւելի կատարելագործուածն էր ու քանակով 5 անգամ աւելի: Բայց խումբին թերութիւնը այն էր, որ անխուսափելիօրէն պիտի նկատուէր սահմանապահներու, հովիւներու եւ քիւրտ ցեղերու կողմէ, որոնք թրքական զօրքին լուր պիտի տային, եւ անհաւասար կռիւը անխուսափելի պիտի դառնար: Մօտ 250 քիլոմեթր ճամբայ կար կտրելիք` ամբողջութեամբ թշնամիով շրջապատուած:
Նեւրուզի եւ Խանի խումբերը 1903-ի սեպտեմբերին առանց միջադէպի կ՛անցնին ռուս-թրքական սահմանը, բայց Բասէնի` Իւզվերանի եւ Գոմաձոր գիւղերուն մօտ կռուի կը բռնուին: Իրենց վրայ յարձակողը սահմանապահ կանոնաւոր թուրք զօրքն էր` Թեֆիք փաշայի գլխաւորութեամբ(1): Թշնամին դիտմամբ իր կրակը կը վատնէ եւ նեղը կը ձգէ ֆետայիները, որոնք իրենց հանդարտութիւնը կը պահեն, գետին պառկած` կը դիմադրեն եւ թշնամիին յարձակումները կը կասեցնեն: Կէսօրէ ետք 4 թնդանօթները կը սկսին գոռալ եւ գետինը կը հերկեն Նեւրուզի դիրքերուն շուրջ:
Երկու ժամ թնդանօթները կը ռմբակոծեն դիրքերը, վեր կը բարձրացնեն հողը եւ իբր պատանք կը ծածկեն տղաքը: Բայց տղաքը լուռ կը մնան, թէեւ կը շնչեն: Թշնամին իր առջեւ գերեզմանոց կը կարծէ եւ փողեր հնչեցնելով, հրացանը ուսերուն, առաջ կը շարժի: Տղաքը կը մտածեն «ուզեն կամ չուզեն, թնդանօթները պիտի լռեն, երբ հետեւակ զօրքը 100-200 քայլ մօտենայ, հասնի: Այն ատեն ահա մենք մեզի ցոյց կու տանք եւ համազարկով անոնց շարքերը կը նօսրացնենք»: Եւ իսկապէս, երբ թշնամին 200 քայլ կը մօտենայ, նշանը կը տրուի եւ հայ տղոց համազարկերը կը դիմաւորեն զանոնք: Մէկ թէ երկու ժամուան օրհասական կռիւէ ետք թշնամին մարտիկներու գնդակներուն տակ ետ կը քաշուի, երբ արեւը ա՛լ իր վերջին վայրկեանը կ՛ապրէր` կորսուելով լեռներուն ետեւ:
Կ՛երգեն, կը ստուգեն, թէ ո՞վ նահատակուած է, ո՞վ վիրաւոր է եւ ո՞վ անկարող է շարժելու: Կը պարզուի, որ այդ օր 4-էն 1-ը նահատակուած, իսկ 3-ը ողջ-առողջ է. իրենց պաշարն ալ նոյնը կը մնայ, եթէ սպաննուածներու եւ քանի մը վիրաւորներու պաշարը բաժնուի ողջերուն: Կը պատրաստուին ճամբան շարունակելու, բայց կ՛անգիտանան, որ մարդու մարմինը իր սահմանը ունի դիմացկունութեան, որ` դեռ ճամբու սկիզբն են, եւ անընդհատ կռուելով` անհնար է պատռել թշնամիին գիծը, մանաւանդ որ թշնամին թիւով շատ է եւ իրենց հետքը բռնած ըլլալով` ամէն վայրկեան իրենց դէմ կրնայ գալ նոր ուժերով:
Թերեւս Խանը կրնար իր ձիաւորներով հետքը կորսնցնել թշնամիէն, բայց ան կը կաշկանդուի հետեւակով, զոր լքելու իրաւունք չունէր:
Երբ կը մթննայ, խումբը, մասերու բաժնուած, լուռ կը յառաջանայ` ծրագրած ըլլալով միանալ Բասէնի դաշտին մէջ ու այնտեղէն միասնաբար անցնիլ Մուշ ու Սասուն: Չկային ճամբու փորձառու առաջնորդները, որովհետեւ նախորդ օրը նահատակուած էին: Ամբողջ գիշերը Նեւրուզի խումբը կը քալէ, երկու անգամ Արաքսի պաղ ջուրը կ՛անցնի ու միայն առտուան դէմ կը հասկնան, որ օր մը առաջուան տեղը մնացած են:
Անդին, Խանը իր հեծեալներով կը հասնի ժամադրավայրը ու հեռադիտակը աչքին կը սպասէ հետեւակին: Բայց Նեւրուզի տղաքը չեն երեւիր. կ՛երեւէին զիրենք պաշարած թուրք զինուորները: Խանը կը դիտէ զօրքը ու տեղէն չի շարժիր: Ան կրնայ հեռանալ, կռուէն խուսափիլ ու գէթ խումբին մեծ մասը փրկել, ազատել, որովհետեւ ձիաւոր էին: Բայց կարելի չէր երկրի դժուար ու անծանօթ անցքերուն մէջ թշնամիին դէմ առանձին ձգել ընկերները:
Նեւրուզի խումբն ալ, որ ամբողջ օր մը կռիւ մղելէ ետք ամբողջ գիշեր մըն ալ անընդհատ լեռ ու ձոր քալած էր, մինչեւ առտուան ժամը 11:00 աննկատ կը մնայ, բայց անկէ ետք դարձեալ կը պաշարուի թուրք զօրքին կողմէ ու կռուի կը բռնուի:
Այդ օրուան եւ թերեւս անոր յաջորդող օրուան մասնակի կռուին բոլոր ղեկավարները կը նահատակուին: Երրորդ օրուան հոգեվարքի պայքարէն ետք, ազատուածները (հազիւ 10-12 հոգի) իրենք զիրենք կը ձգեն ռուսական սահմանին կողմը եւ Իշխան եղաւ այն քիչերէն, որոնք կրցան փրկուիլ: Այդպէ՛ս կրակի իր մկրտութիւնը ստացաւ Իշխան:
Իսկապէս մեծ էր Իւզվերանի եւ Գոմաձորի մարտերուն ազդեցութիւնը երիտասարդ Իշխանին վրայ: Զգացապաշտ յեղափոխականը վերածուած էր հեռատես եւ գործնապաշտ ֆետայիի մը, որ հակառակ գերագոյն զոհողութեան իր անառարկելի պատրաստակամութեանը` կը մերժէր շատ յաճախ ի զուր նահատակութեան տանող ցարդ գործադրուող վարքագիծը:
Նեւրուզի եւ Խանի խումբերու մարտիկներուն մեծաթիւ նահատակութիւնը արդէն ազդած էր Իշխանին վրայ, սակայն ա՛լ աւելի ծանր կը կշռէին անոր ամէնէն մտերիմ ընկերներէն` Մենակի նահատակութեան յառաջացուցած վիշտի ու ցասումի զգացումները երիտասարդ յեղափոխականին մօտ:
Ո՞վ էր ՄԵՆԱԿ:
Անոր իսկական անունը Եգոր Առուստամեան էր (երբեմն` Առաստամեան), ծնած է 1882 (որոշ տուեալներով` 1880) Արցախի Քարասնի (Քռասնի) գիւղը: Գիւղին մէջ զինք Գէորգ կը կանչէին: Ան եղած է ՀՅԴ անդամ, հայ ազգային-ազատագրական շարժման աշխուժ գործիչ, որ առաւել յայտնի եղած է «Մենակ» անունով:
Աւետիս եւ Եղիսաբէթ Առուստամեաններու ընտանիքին մէջ 10 զաւակ դաստիարակուած է` Գէորգ, Հայկ, Սերգէյ, Լիզա, Յակոբջան, Սահակ, Անահիտ, Լալա, Առուստամ, Սայալու:
1900-ին աւարտած է Շուշիի թեմական դպրոցը եւ քարոզչական աշխատանք տարած է Պաքուի հայ բանուորական խումբերու մէջ:
1902-ին տեղափոխուած է Կարս եւ սկիզբը զբաղած է քարոզչական-նախապատրաստական աշխատանքներով: Անոր սկզբունքը եղած է` «Ցանելէն առաջ` նախ գութան ընել, հողը պատրաստել»(2):
1902 թուականի աշնան, ՀՅԴ Կարսի Կեդրոնական կոմիտէի յանձնարարութեամբ, ծպտուած անցած է Բասէն` պատրաստելու այնտեղէն դէպի Սասուն զէնքի ու զինամթերքի փոխադրման ճանապարհը, այդ ընթացքին ան երբեմն անցած է Խնուս, իսկ քանի մը անգամ ալ հասած է մինչեւ Սասուն, այնուհետեւ կրկին վերադարձած` Բասէն:
ՀՀ ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանը «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները»-ի մէջ Մենակի մասին գրած է. «Այս երիտասարդը, չունենալով մասնագիտութիւն կամ չհամարելով իրեն ատակ` վարելու զինուոր կամ ժողովուրդ, իր վրայ կը վերցնէ ամենապատասխանատու եւ ամենավտանգաւոր գործը: Ան կը մտածէ, եւ Սերգէյը(3) կը հաստատէ, որ Սասնոյ հետ կապուելու եւ ուժեր հասցնելու համար նախ պէտք է ուսումնասիրել 200-300 քմ երկարութեամբ ճամբաները, որոշել հանգրուանները, որոշ վայրերու մէջ պաշարներ պատրաստել եւ թշնամիին շարժուձեւը որոշել»(4):
Այնուհետեւ Մենակը Շուշիէն Կարսի հնոց ինկած էր եւ յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ Սասուն տանող ճամբաները:
Ռուբէն Տէր Մինասեան իր յուշերուն մէջ այլ առիթով մը Մենակի մասին աւելի լայն հետեւեալ տեղեկութիւնը կու տայ. «Այս երիտասարդը, որ Իսաջանի, Թորգոմի, Արամի եւ Իշխանի ընկերներէն էր, աւարտած էր Շուշիի թեմական դպրոցը եւ օժտուած` բնական հարուստ ձիրքերով. բանաստեղծ էր, երգիչ եւ հռետոր. արտաքին յարմարութիւններ ալ ունէր, փոքր էր իր կազմով, ճարպիկ էր, յանդուգն` անսահմանօրէն եւ անձնազոհ:
«Ահա այս երիտասարդն է, որ գիւղացիի հասարակ շորեր հագած, իբրեւ պարզ հոտաղ մը, կ՛անցնի սահմանը, կը մտնէ աննշմար հայ գիւղերը, կ՛ընտրէ իրեն համար ընդունակ գործակիցներ եւ կը սկսի Կարսէն Բասէն փոխադրել ռազմամթերքի ու զէնքի այն պաշարը, զոր պատրաստած էին Իսաջան, Արամ եւ Յակոբ Չիլինգարեան: Բասէնի զէնքը եւ ռազմամթերքը կը փոխադրուի Խնուս, ուրկէ Հրայրի մարդիկ կը հասցնեն Սասուն:
«Թուղթի վրայ այս փոխադրութիւնը շատ դիւրին կ՛երեւայ, բայց իրականին մէջ ամէնէն դժուարին, վտանգաւոր եւ հերոսական գործողութիւններէն մէկն է. ատոր համար պէտք է, անսահման յանդգնութեան հետ միասին, նաեւ խիստ գաղտնապահութիւն, խոհեմութիւն եւ պաղարիւնութիւն, քանի որ շաբաթներ տեւող փոխադրութիւնները կը կատարուէին թշնամու զօրքերու եւ քիւրտերու միջով, անոնց քթին տակ եւ յաճախ կը պահուէին նոյնիսկ անոնց բնակած վայրերուն մէջ: Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն` ֆետայիները կը յաջողին բաւականաչափ զէնք ու զինամթերք փոխադրել երկիր: Մենակը կը դիմաւորէ զէնք փոխադրող խումբերը եւ իր հրահանգներով ու վալադներով կ՛օգնէ անոնց` իրենց գործը անվտանգ կատարելու»(5):
1903-ին Մենակ ինքն է եղած, որ Թորգոմի (Թուման Թումեանց) «Մրրիկ» խումբը անվտանգ առաջնորդեց մինչեւ Սասուն:
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Մենակը դիմաւորած է զէնք փոխադրող խումբերը եւ օգնած անոնց` իրենց գործը անվտանգ կատարելու:
1903-ին կը միանայ սասունցիներուն օգնութեան գացող Խանի եւ Նեւրուզի մարտական խումբերուն, սակայն, շատ մը քաջերու կողքին, ինքն ալ կը սպաննուի այս խումբերուն մղած դաժան կռիւներուն ընթացքին(6):
Այստեղ կ՛արժէ մէջբերել Մենակի նահատակութեան մասին Ռուբէնի յիշատակումը. «Անոր մահուան լուրը կրկնակի կը ճնշէր Սերգէյը: Նախ` այն պատճառով, որ ձախողած էր Բասէնի վրայով զինատար խումբերու արշաւը, եւ երկրորդ` այն պատճառով, որ իր յոյսի եւ հաւատի երիտասարդ ընկերը` Մենակը սպաննուած էր եւ Նիկոլէն (Իշխան) ալ լուր չկար»(7):
Մենակը, իր մարտական ընկերներու կողքին, ընկերական ջերմ յարաբերութիւններու մէջ էր նաեւ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի հետ, գրականութիւնն ու մշակոյթը իրենց մտերմութիւնը աւելի ամրապնդած էին: Մենակ հեղինակած է բանաստեղծութիւններ, ինչպէս նաեւ` երաժշտական յօրինումներ:
Դաշնակցական երիտասարդ մարտիկի գործունէութիւնը նոյնիսկ կարճ ժամանակահատուածին մէջ բաւական բեղուն եղած է, իսկ աւարտն ալ` սրտառուչ: Մենակը ապրելով ընդամէնը 21 տարի` հասցուցած է իր անունը ոսկի տառերով գրել հայոց ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ:
Հետեւաբար Մենակի հայրենասիրութիւնն ու անձնազոհութիւնը եւ իր ողբերգական վախճանը իր ամէնէն հարազատ ընկերոջ` Իշխանի համար շատ ծանր կշռեց եւ տանջեց զայն:
Պատմական կարեւորութեան համար անհրաժեշտ կը զգանք նշել, որ Իշխան եւս մարտական կարողութիւններէ անդին` օժտուած էր բազմատեսակ կրթական եւ մշակութային տաղանդով` կրթական մշակ, բանաստեղծ, խմբավար, խմբագիր ու, տակաւին, այլ շնորհքներով: Աւելի՛ն. արուեստի մարզի մէջ իր բազմակողմանի հակումներով ինքզինք զարգացուցած էր: Ան իր անգնահատելի ներդրումը ունեցած էր Լեռնապարի կրթա-մշակութային կեանքին:
Իշխանի հոգին երբեք չկրցաւ հաշտուիլ իր անձնական ազատութեան հետ, երբ հոն` անիծեալ սահմանին վրայ Խանի եւ Նեւրուզի խումբերու կռիւներու պատճառով նահատակուած էին հայկական ազատամարտի լաւագոյն մարտիկները, բոլորն ալ` Իշխանի մտերիմ, գաղափարակից ընկերներ, ինչպէս` Թորգոմ, Նեւրուզ, Խան, Որսորդ Գէորգ, Կայծակ Վաղարշակ, Թոխմախ եւ այնքան ուրիշներու հետ` իր «սրտանց սիրած» ընկեր Մենակը(8):
Իշխան թէեւ իր յուշերուն մէջ մեծ տեղ տուած է Մենակի գործունէութեան մասին, սակայն աւելի խորին զգացումներուն լաւագոյն արտայայտիչը կը հանդիսանայ նոյնինքն Իշխանի գրչին պատկանող` Մենակի նուիրուած գողտրիկ, մարգարէաշունչ բանաստեղծութիւնը: Նշեալ ստեղծագործութեան ճշգրիտ թուականը դժբախտաբար մեզի չէ հասած, բայց աւելի հետաքրքրականը այն է, որ այս բանաստեղծութիւնը Իշխանի երաժշտական յօրինումով նաեւ միս ու ոսկոր կազմած է` ծնունդ տալով զգայացունց ու սրտաճմլիկ երգի:
Երգին բառերը որքան պարզ ու յստակ կը թուին, սակայն խորքը բաւական իմաստալից է: Բառերու ընտրութիւնը, միտքերու հաղորդումը, դէպքի ճշգրիտ նկարագրումը կ՛արտացոլացնէ նախ երգի բառերու հեղինակին հոգեկան ներքին տագնապը եւ զգացումները, ապա` Մենակի երեւոյթը, անոր ընդհանուր նկարագրութիւնը, նաեւ կայ այլ կարեւոր հանգամանք մը, որ երբեք չէ թաքնուած Իշխանի գրչէն, ան ալ «Հէ՜յ ազիզ ախպէր…» բառերն են, որ կը շեշտադրէ իրենց հարազատ եղբայրական կապը:
Մենակին նուիրուած երգին մէջ կը հանդիպինք «Բասէն», «Սասուն», «վրէժ», «Անտոքայ սար» բառերուն ու մանաւանդ` հայկական հողերու եւ հայութեան յաղթանակն ու անկոտրում կամքին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք երգին բառերը ամբողջութեամբ:
Մենակի Յիշատակին
Դուն էլ վեր կացար դէմ արեւծագին,
Գօտիդ կապեցիր քո մէջքը հպարտ,
Աչքդ դարձուցիր շողուն աստղերին,
Ասիր` կը հասնեմ դեռ լոյս չբացուած:
Եւ կեանքի բեռը դրիր քո մէջքին,
Ճամբորդի ցուպը քո ձեռքը առար,
Լոյսն էր շողշողում քո սաթ աչքերին,
Ու հպարտ-հպարտ էն ճամբան ընկար:
Ու սիրտդ յուսոտ, հոգիդ մրրկոտ,
Միշտ քայլում էիր քո ճամբան փշոտ,
Քալէ ու քալէ, էն ուղին մօտ է,
Ալ, վառ շողերով արեւ կը ծագէ:
Հէ՜յ ազիզ ախպէր, շատ ջահել-ջիւան,
Կերաւ ու կերաւ էն անկուշտ ճամբան,
Շատերը ինկան էս ճամբու կիսին,
Սրտերը վառուած, յոյսը` աչքերին:
Հէ՛յ վախ, հէ՛յ վախ, հէ՛յ, նամարդի նման
Քեզ էլ կուլ տուեց էս անկուշտ ճամբան,
Հէ՛յ վախ, հէ՛յ աշխարհ, քեզ էլ կուլ տուեց
Էս ազիզ ճամբան անծէր, անվախճան:
Թէ սաղ մնացինք ու հազար բարով
Կրցանք յաղթանակ բերել մեր երկրին,
Թէ որ մեր երկրէն հազար արիւնով
Կրցանք դուրս քշել վատթար դուշմանին:
Կը գամ, կը կանչեմ Բասենայ դաշտէն,
«Հէ՜յ, ազիզ ախպէր, ե՛լ, մենք յաղթեցինք,
Մենք դուրս քշեցինք անգութ թշնամին,
Հազար, հազարով վրէժ հանեցինք»:
Անձրեւից մաշուած քո ոսկորները,
Կը գամ, կը ժողվեմ մէկ-մէկ` երգելով,
Տանեմ կը թաղեմ Անտոքայ սարը,
Սասուն ապահով, հանգչիս անխռով(9):
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման յեղափոխական մարտունակութիւնը խորհրդանշող դաշնակցական հսկաներէն Վանայ Իշխանին կողմէ գրուած եւ յօրինուած` ֆետայական մեր շարժման առինքնող դէմքերէն ՄԵՆԱԿին նուիրուած հանրածանօթ յեղափոխական այս երգը իր ամբողջական բնութագրութեամբ որքան մշակուած, հարուստ, ինքնատիպ եւ ուժեղ է: Անոր մէջ կ՛արտացոլայ գաղափարական զինակից ընկերոջ անկեղծ կապուածութիւնը ու նահատակ ընկերոջ աճիւններու վերջնական հանգստութիւնը ապահովող դաշնակցական մարտիկը:
«Մենակի յիշատակին» երգի բառերուն զուգահեռ, երաժշտութեան ոճը քնարերգական է, չափաւոր ու հանդարտահոս ելեւէջներ ունի: Հոն զգալի է մորմոքախառն ու խորաշունչ ալիքներու երանգը:
Երգին երաժշտութեան ելեւէջները ունկնդիրը կը մղեն, որ մտքի ու հոգիի խաղաղութեամբ եւ խորաթափանց մտածումով մը կապուի, որովհետեւ հոն կը հանդիպինք փիլիսոփայական ներքին ուժի մը, որ կը ձգտի սէր արթնցնել անձերու միջեւ ու դառնալ յուշակոթող մը: Սոյն երգը կարգ մը երգիչներու կողմէ երգուած է քանի մը տունը միայն, իսկ մնացեալը` արտասանուած:
Վերջապէս, այս ուսումնասիրութեան մէջ, շատ մը յայտնաբերումներէ զատ, կ՛ընդգծուի, որ Արցախի ծնունդ Իշխանը իր մարտական կարողութիւններուն կողքին ունէր նաեւ գրական ու արուեստի հակում:
«Մենակի յիշատակին» երգը իր էութեամբ անժամանցելի է եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն շրթներուն վրայ կը հնչէ մինչեւ օրս նոյն ապրումով` յուզիչ եւ հրապուրող:
Ցաւի ու ցասման ձայնը հնչեցնող Իշխանին հեղինակած երգը չի հանդիսանար լոկ դաշնակցական մարտիկի եւ զինակից ընկերոջ յիշատակի յարգանքի տուրք, այլ կ՛ընկալուի` իբրեւ պոռթկում, բողոք` քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ թոյլ տրուած սարսափելի անիրաւացիութեան դէմ, հաստատում` իւրաքանչիւր ազգի ազատ եւ խաղաղ կեանքի իրաւունքին:
Եւ իբրեւ այդպիսին` ան կը ներկայանայ իր ազդեցիկ, ծառացած ու բարձրորակ երաժշտական արձագանգով, որպէսզի համայն աշխարհին լսելի դարձնէ անարդարութիւնը ու ցնցէ ունկնդրին միտքն ու հոգին:
1.- «Դրօշակ» («Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» օրկան, 1902, 1903, 1904)», վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ, էջ 325:
2.- Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974, էջ 148:
3.- Արամ Մանուկեան:
4.- Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974, էջ 148:
5.- Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Գ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974, էջ 253:
6.- Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974, էջ 148:
7.- Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974, էջ 148:
8.- «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», հրատարակութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի, Պոսթըն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950, էջ 470:
9.- Թաշճեան, Վահէ, «Իշխանը», Երեւան, 1994, էջ 33-34: Տե՛ս նաեւ «Դրօշակ» («Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» օրկան, 1905, 1906, 1907)», վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1986, Պէյրութ, էջ 96-97:
Օգտագործուած աղբիւրներ
– «Դրօշակ» («Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» օրկան, 1902, 1903, 1904)», վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1984, Պէյրութ:
– «Դրօշակ» («Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» օրկան, 1905, 1906, 1907)», վերհրատարակութիւն ՀՅԴ-ի, 1986, Պէյրութ:
– Թաշճեան, Վահէ, «Իշխանը», Երեւան, 1994:
– Մալխաս, «Ապրումներ», Ա. հատոր, Բ. տիպ, մատենաշար «Համազգային», Պէյրութ, 1956:
– «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», հրատարակութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի, Պոսթըն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950:
– Նիւթեր ՀՅ դաշնակցութեան պատմութեան համար, Ե. հատ., խմբ. Եր. Փամպուքեանի, Պէյրութ, 2007:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ա. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974:
– Ռուբէն [Տէր Մինասեան], «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Գ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1974:
– Վարանդեան, Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», առաջին հատոր, Փարիզ, 1932: