Արաբերէնէ եւ անգլերէնէ թարգմանեց ու խմբագրեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Եգիպտահայ աշխարհահռչակ, համակրելի ու տաղանդաշատ երգչուհի եւ դերասանուհի Անուշքան՝ բուն անունով Վարդանուշ, դուստրն է հայազգի տէր եւ տիկին Կարպիս Սելիմի։ Անուշքա կը յաճախէ Գահիրէի (بولاق أبو العلا ) Պուլաք Ապուլ Աալա թաղամասին մէջ գտնուող Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, որմէ ետք ուսումը կը շարունակէ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ հետեւելով Business Administration ճիւղին։ Աւարտելէն յետոյ, ան կ’աշխատի օտարերկեայ ներդրումային ընկերութեան մը մէջ, իսկ աւելի ուշ՝ (طارق نور) «Թարեք Նուր» ծանուցումի ընկերութեան մէջ՝ որպէս գովազդներու երգչուհի:
Անուշքայի երգարուեստի ասպարէզը կը սկսի, երբ ան կը մասնակցի միջազգային մրցոյթի մը, զոր կազմակերպած էր «Փառատօնային Կազմակերպութիւններ Միջազգային Դաշնակցութիւնը»-ը (International Federation of Festival Organizations (FIDOF)-ը)՝ հանդէս գալով ֆրանսերէն երգով մը, որուն հեղինակն էր Ճամալ Ապտըլ Հալիմ Հասան, երաժշտութիւնը՝ Քամել Շերիֆ։ Անուշքայի մեկնաբանած երգը կը շահի «Առաջին Մրցանակ»-ը, եւ ըստ այդ մրցանակի պայմանին, Եգիպտոսի ռատիոյի եւ հեռատեսիլի ընկերութիւնը կը հովանաւորէ Անուշքայի առաջին երգերու ձայնագրութիւնը հեռատեսիլի համար, ինչպէս նաեւ՝ հեռատեսիլային «Արաբերէն ուսուցման» ծրագրի նախատեսուած երգը: Ծրագիրը կը ղեկավարէ բեմադրիչ Ֆեհմի Ապտըլ Համիտ:
1987 – 1988 տարիներուն, երգչուհի Անուշքա կը մասնակցի երգի միջազգային մրցոյթներու, ինչպէս Ֆինլանտայի, Չեխոսլավաքիոյ, Պուլկարիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցած «Երգի Միջազգային Փառատօներուն»: Թուրքիոյ մէջ, ան իր (حبيتك) «Հապպայթէք» երգով կը նուաճէ երրորդ մրցանակը։
1995-ին, Ֆրանսայի մէջ, Անուշքա կը շահի առաջին մրցանակը Ֆրանքոֆոն երկիրներու փառատօնին, ուր կը մասնակցի իր հեղինակած երաժշտութեամբ (Mon Amour) (ياحبيبى) (Իմ սէր) երգով, նաեւ՝ (Ya leil) երգով, որուն երաժշտութեան հեղինակն է երաժշտահան Միտհադ Էլ Խաուլի (مدحت الخولى): Որպէս փառատօնի նախադրեալ պայման, երկու երգերն ալ ֆրանսերէն եղած են:
https://youtu.be/jH5L03haRII Festival de la Francophonie (Ya Leil)
https://youtu.be/VY_bZOjPv6g Festival de la Francophonie (Mon Amour): Հետագային, ան կատարած է նաեւ արաբերէն տարբերակը նշեալ երգերուն:
Երգչուհի Անուշքա իր ելոյթներով ոգեւորած է FIFA U-17 World Cup 1997-ի ֆութպոլի աշխարհի ախոյանութեան բացման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Handball World Cup-ի փակման արարողութիւնը եւ Windsurf World Cup 2000-ի աշխարհի ախոյանութեան բացման արարողութիւնը:
Գնահատանքը չ’ուշանար. երգչուհի Անուշքա կը պարգեւատրուի Եգիպտոսի Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան կողմէ, եգիպտական երաժշտութիւնը խթանելու եւ համաշխարհային ասպարէզներ հասցնելու իր ջանքերուն համար:
Երգարուեստի կողքին, տաղանդաշատ երգչուհի Անուշքան այն արուեստագէտուհիներէն է, որ օժտուած ըլլալով երգի ու դերասանական ունակութիւններով, ան ճարտարօրէն կը գերազանցէ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ շարժանկարի դերասանական մարզին մէջ, եւ բեմադրիչ Սալահ Ապու Սեյֆ զինք կ’ընտրէ (السيد كاف) (պարոն Քաֆ) ֆիլմին համար, որմէ ետք ան բազմաթիւ դերեր կը ստանձնէ (من أطلق هذه الرصاصة) (Ով գնդակահարած է այս գնդակը) ժապաւէնին, (الطاووس) (Սիրամարգ) , “الرشيق” , “جراند أوتيل” ,”حلاوة الدنيا” հեռուստաշարին, եւ «Երեխաներու Համաշխարհային օր»-ին նուիրուած (الورد وفصوله) (Վարդը եւ իր եղանակները) օփերեթին մէջ: 2012-ի ռամատանիաթ հեռուստաշարին մէջ, դերասանուհի Անուշքան կը մարմնաւորէ ՄԱԿ-ի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան դիւանագէտ կնոջ դերը՝ ժապաւէնի խաղընկեր ունենալով հանրածանօթ եգիպտացի դերասան կատակերգակ Ատէլ Իմամը:
Երգչուհի Անուշքան կը հրապարակէ ալպոմներ արաբերէնով՝ ألبوم Habbaytak حبيتك(1988) , ألبوم نداني Nadani (1989), ألبوم تجي نغني Tigi Tghanni (1990) , Abayyan Zayn (1992), Keddab (1994). Nefsy Akoon نفسي اكون (2001):
Մեծ հաճոյքով կը լսենք երգչուհի Անուշքայի հայերէն երգերու կատարումները հետեւեալ յղումներով՝ https://youtu.be/2L30wyfY2eU եւ https://www.facebook.com/anoushkaegypt/videos/563153441159545
Թարգմանեց եւ խմբագրեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Հասցէ՝ [email protected]
Արտատպումը առանց յղումի եւ թարգմանողի անուն-մականունի, ազգանունի արգիլուած է:
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Աղբիւրներ՝
معلومة عن أنوشكا”.. المطربة التي أبدعت في التمثيل
Առ ի տեղեկութիւն՝ The FIFA U-17 World Championship 1997, the seventh edition of the tournament, was held in the cities of Cairo, Ismailia, Alexandria, and Port Said in Egypt between 4 September and 21 September 1997. Շաքէ Մանկասարեան