Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով, ուրբաթ, 19 մայիսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոններու, միութիւններու եւ համայնքային բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում: Հրաւէրին ընդառաջած էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային բաժանմունքի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ համայնքէն Թալին Թերզեան եւ «Հիւմանթաս» կեդրոնէն Անի Գալուստ, Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան կեդրոնէն եւ Հայ ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան, Երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Ռաֆֆի Մարգարեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, ՀԿԲՄ-ի ներկայացուցիչ Տիգրան Միհրանեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գօգօ Այնէլեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն եւ ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան:
Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի հրաւէրին ընդառաջ պատասխանատուներուն իր խօսքը ուղղելով երեսփոխան Բագրատունի բարձրօրէն գնահատեց յատկապէս այս տագնապի օրերուն մեր բարեսիրական միութիւններուն եւ կեդրոններուն ու համայնքային միաւորներուն կատարած բացառիկ աշխատանքը եւ բացատրեց հանդիպումին նպատակը` քննել տագնապի այս փուլին դժուարութիւնները, կատարել ախտաճանաչումներ, աւելիով հասնիլ կարիքներուն, փոխադարձաբար օգտուիլ փորձառութիւններէն, ներդաշնակել աշխատանքը եւ ծառայութիւնները կատարել անխտրական ոգիով, արդար բաշխումի հիմունքով:
Ժողովականները հերթաբար ծանօթացուցին աշխատանքները, ապա լայն քննարկում կատարուեցաւ ծառայութիւնները աւելիով ներդաշնակելու եւ յատկապէս առողջապահական, բժշկական եւ հիւանդանոցային մարզերուն մէջ ցցուող նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ձեւերուն շուրջ:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ երեւցող մոլութիւններու եւ ընտանեկան կապերու տկարացման ու գործի ասպարէզի տագնապները:
Հանդիպումները հերթական դրութեամբ պիտի շարունակուին: