ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներն ու ներկայ ելեւմտական տագնապը լուծելու իմաստով որդեգրուած միջոցները:
«Քորոնա» Ժահրին Մասին …
Միւս կողմէ, «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով, երեսփոխան Յ. Բագրատունի Դիմատետրի վրայ կատարած էր հետեւեալ գրառումը. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեր հայրենակիցներուն թեթեւութեամբ չվերաբերելու «Քորոնա» ժահրին կապակցութեամբ:
Անհատական նախազգուշութիւնը կարեւոր է:
Մեր ընտանիքներուն եւ զաւակներուն առողջութիւնը կարեւոր է:
Հեռու մնանք հաւաքական հանդիպումներէն:
Զգուշանանք սուտ լուրերէն եւ անիմաստ տարաձայնութիւններէն»:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ աւելորդաբանութիւններէն եւ կեցուածքներ արձանագրելու մենամարտերէն հեռու մնալով է, որ կարելի կ՛ըլլայ պաշտպանել Լիբանանն ու Լիբանանի մէջ ապրող մարդ արարածը: «Կացութիւնը դժուար է, եւ իրերօգնութիւնը` ազգային պարտականութիւն», ըսաւ ան: