ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան վերաբերող հարցեր` շեշտելով, որ ան Պըրրիի մօտ շօշափած է Լիբանանի հանդէպ իր յանձնառութիւնն ու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու ճիգերը, որպէսզի երկրին դիմագրաւած տագնապը միասնաբար կարելի ըլլայ յաղթահարել:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ինք Պըրրիին ներկայացուցած է երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մէջ սկսած օրէնսդրական իր ընդարձակ աշխատանքը` ընդգծելով, որ Պըրրիի կողմէ այդ աշխատանքը որդեգրելու կարիքը կայ:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան նշեց նաեւ, որ Պըրրին իրազեկ պահած է երիտասարդական քաղաքականութեան ծրագիրը գործադրելու ջանքերուն մասին:
Ան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելու տարուած աշխատանքին եւ խորհրդարանին մէջ արագացնելու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան օրէնսդրական աշխատանքին համար պէտք եղած դասաւորումները: