ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումով դատապարտեց Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» յիշատակին յուշարձանի կանգնեցումը` նշելով. «Անակնկալի եկանք այսօր իմանալով «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին յուշարձանին կանգնեցումը` Աքքարի Քաուաշրա աւանին մէջ, ներկայութեամբ երեսփոխաններ Մոհամետ Սլեյմանի եւ Ճիմի Ժապպուրի»:
«Յարգելով հանդերձ աւանին բնակիչները` անարգանք է լիբանանեան աւանի մը մէջ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործներու «յիշատակին» յուշարձանի մը զետեղումը», շարունակեց երեսփոխան Բագրատունի` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ պէտք է այդ աւանը արեամբ ներկել: «Ու ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ոմանք կ՛անտեսեն հայկական աւաններու աւերումն ու սպանութիւնները դատապարտած Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը, հայրենի հողը մղելով անմեղներու արիւնը կրել պարզապէս արիւնարբուները յարգելու անհատական հաշիւներով», աւելցուց Բագրատունի:
«Կան շատեր որոնք արժանի են յարգանքի… սակայն ոճրագործները. անոնց տեղը ամօթի կախաղաններն են», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: