ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ մէջ Կանաչներ կուսակցութեան թրքական արմատներով ղեկավար՝ երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիր, որ միշտ պաշտպան կանգնած է հայերուն ու մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումին մէջ, անդրադարձաւ անցեալ շաբաթ Կարօ Փայլանի կողմէ օրակարգի բերուած հարցին ու ըսաւ, որ Գերմանիա այժմ բոլոր միջոցներուն պէտք է դիմէ, որպէսզի չարտօնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Գերմանիոյ մէջ եւս վախի մթնոլորտի ստեղծումը։
Ինչպէս յայտնի է, Կարօ Փայլան հաստատած էր, որ քանի մը վստահելի աղբիւրներէ ստացած է տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ Թուրքիոյ մէջ մութ ուժեր կը պատրաստուին մահափորձեր իրականացնելու Գերմանիա ապրող հայ, ալաուի կամ թուրք այլախոհներու դէմ։ Անգարայի դատախազութիւնը հարցաքննութիւն բացած է Կարօ Փայլանի այս յայտարարութեան կապակցութեամբ։
Էօզտեմիր իր վերոնշեալ յայտարարութիւնը ըրաւ «Տոյչէ Վելլէ» կայանի թրքերէն բաժինին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։ Ան այսպէս շարունակեց իր խօսքը. «Վերջերս կը դիտէի Գերմանիա ապաստանած պոլսահայ լրագրող, մտաւորական Հայկօ Պաղտատի ելոյթը։ Հայկօ Պաղտատ հանդէս կու գար զրահապատ բաճկոնով, որովհետեւ ելոյթի նախօրեակին սպառնալիքներ ստացած էր։ Այս բոլորը բնական չեն. մենք պիտի չարտօնենք, որ վախի զգացում մը տարածուի Գերմանիոյ մէջ»։