ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամէնէն շատ վնասուած շրջաններէն Մար Մխայէլ` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեանի:
Մեծ թիւով հայերու բնակութեան վայր հանդիսացող Մար Մխայէլի մէջ երեսփոխան Բագրատունի նախ վկայեց շրջանին մէջ արձանագրուած նիւթական հսկայական վնասներուն եւ աւերին:
Այնուհետեւ Բագրատունի այցելեց նաեւ շրջանին մէջ բնակող հայորդիներու վնասուած բնակարանները: Ան բնակիչներուն հետ մտերմիկ զրոյցներու ընդմէջէն ծանօթացաւ պայթումին պատճառով իրենց կրած մարմնական թէ նիւթական վնասներուն, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անմիջական թելադրանքներ կատարեց շրջանի պատասխանատու ընկերներուն, որ ցարդ կատարուած աշխատանքները բազմապատկեն եւ յաւելեալ ճիգով կատարեն վնասներու գնահատումը` համապատասխան քայլերու դիմելու համար:
Էշրեֆիէի, Ժեհթաուիի, Մար Մխայէլի, Ժըմմէյզէի եւ Քարանթինայի մէջ արձանագրուած վնասներու գնահատման գործը պիտի շարունակուի: Յաւելեալ զարկ պիտի տրուի նաեւ թիրախաւորուած օժանդակութեանց:
Բագրատունի յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները Պէյրութի հայ ընտանիքներուն: