ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ եւ դատապարտեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Սէուտական Արաբիոյ հասցէին ունեցած արտայայտութիւնները:
Յ. Բագրատունի շեշտեց Լիբանան-Սէուտական Արաբիա բարեկամական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` դրուատելով նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին հանդէպ այդ երկրին ունեցած օգտակարութիւնը:
Դեսպանատունը յատուկ գրութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Բագրատունիին եւ հաստատեց իրենց ունեցած յարգանքը լիբանանահայ համայնքին նկատմամբ: