Մըզհերի մէջ շէնքի մը պատին փուլ գալուն հարցով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ
ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հետ եւ անոնցմէ պահանջած, որ անհրաժեշտ միջոցները որդեգրեն` բնակիչներուն ապահովութեան համար:
Կէսօրէ ետք Մաուլաուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Յ. Բագրատունիի հետ` հաստատելով, որ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը պիտի այցելէ դէպքին վայրը, անհրաժեշտ քննութիւնները պիտի կատարուին եւ համապատասխան միջոցներուն պիտի դիմուի:
Անձամբ հետաքրքրուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ան պէտք եղած ցուցմունքները կատարեց, որպէսզի Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը իր պարտականութիւնները կատարէ:
Կէսօրէ ետք Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր այցելեց Մըզհեր եւ պէտք եղած բոլոր քննութիւնները կատարեց դէպքին վայրին մէջ, ինչպէս նաեւ այդ հարցին լուծումներուն եւ հատուցումներուն մասին որոշումներ տուաւ: