ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ 85 քուէներով ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ` տիրանալով խորհրդարանի դիւանին մէջ հայ համայնքին վերապահուած խորհրդականի աթոռին:
Նշենք, որ այս ընտրութիւնը կատարուեցաւ, երբ երեսփոխան Փոլա Եագուպեան իր թեկնածութիւնը առաջադրեց նոյն պաշտօնին համար: Ընտրութեան արդիւնքը եղաւ հետեւեալը. 85 քուէ` Յ. Բագրատունիի, 23 քուէ` Փ. Եագուպեանի, 7 սպիտակ քուէ, մէկ չեղեալ քուէ եւ 1 քուէ Էլիաս Հանքաշի անունով:
Յ. Բագրատունի ամիսներ առաջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ 2018-ին, ստանձնած էր խորհրդարանի դիւանի խորհրդականի պաշտօնավարութիւնը:
Յ. Բագրատունի ընտրուեցաւ նաեւ Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին զեկուցաբեր: