Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, մեկնաբանելով Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը, նշած է, որ Անգարան կը ձգտի ընդլայնել «բարեկամներու, ոչ թէ թշնամիներու շրջանակը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Պաքուի նկատմամբ Երեւանի քայլերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր քայլերուն վրայ», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:
Անոր համաձայն, Թուրքիան Հայաստանէն շրջանին մէջ դրական քայլեր կ՛ակնկալէ:
«Հայկական սփիւռքը` ըլլայ Ֆրանսայի մէջ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, դէմ է երկխօսութեան, ինչ որ բացասաբար կ՛անդրադառնայ հոլովոյթի վրայ: Այս պահուս մենք Երեւանի կողմէ Անգարայի եւ Պաքուի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ բաւարար քայլեր չենք տեսներ», ըսած է ան:
Թուրքիոյ նախագահը վերյիշեցուցած է Փրակայի մէջ Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումը. «Ես անոր (Փաշինեանին, «Ա.») պարզ ու յստակ յայտնեցի Անգարայի դիրքորոշումը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի երկխօսութիւններու փոխկապակցուածութեան վերաբերեալ: Երեւանէն կ՛ակնկալենք արդիւնաւէտ քայլեր: Այս պահուս ես չեմ կրնար ըսել (կարգաւորման) որեւէ մակարդակի հասնելու մասին: Միայն Հայաստանը կրնայ կացութիւնը փոխել դրական ուղղութեամբ եւ նուազագոյնի հասցնել սփիւռքի քայլերէն բխող բացասականը», ըսած է Էրտողան: