ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մոհամմետ Էսլամիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 24 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանի եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման ու ենթակառոյցերու նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեանի հետ, որոնց հետ յատկապէս քննարկուեցան փոխադրութեան բնագաւառին վերաբերող հարցեր։
Փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, խօսելով տարածաշրջանային փոխադրութեան ապաշրջափակման առնչութեամբ տեղի ունեցող աշխատանքներուն մասին՝ Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստան «միջանցքային» տրամաբանութեամբ հարցեր չէ քննարկած եւ պիտի չքննարկէ։
Իրանի նախարարը յայտնեց, որ Իրան միշտ պատրաստ է աջակելու Հայաստանին:
Զրուցակիցները քննարկեցին առեւտրաշրջանառութեան ընդլայման նախադրեալները, որոնց կարգին անոնք խօսեցան Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան մեծ ներուժին մասին:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման, ազատ տնտեսական գօտիներու գործարկման եւ ճանապարհաշինութեան ոլորտին մէջ հնարաւոր համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այս ծիրին մէջ, փոխվարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցումը ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտին մէջ առաջնահերթութիւններէն է:
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարի պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ փոխադրութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներուն փոխգործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն, քննարկեցան հայ-իրանեան սահմանը ձգուող միջպետական մայրուղիներու կառուցման, Հայաստան–Իրան տարանցիկ փոխադրութիւններու աշխուժացման, բեռնափոխադրութեան գործընթացին մէջ ընթացակարգերու կանոնակարգման եւ դիւրացման վերաբերող հարցեր: Ան յայտնեց, թէ համողուած է, որ այս այցելութիւնը նոր թափ պիտի տայ հայ-իրանեան փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան հետագայ զարգացման: Սուրէն Պապիկեան ներկայացուց ճանապարհային եւ փոխադրութեան ենթակառոյցներու բարեկարգման վերաբերող Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւնները, որոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցումը եւ վերջինիս ընձեռած կարելիութիւնները՝ Պարսից ծոցի եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական շրջանառութիւնը աւելցնելու եւ ընդլայնելու առումով:
Մոհամմետ Էսլամի վերահաստատեց իրանական կողմին պատրաստակամութիւնը տնտեսական կապերու խորացման նպաստող փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններուն, մասնաւորապէս՝ «Պարսից ծոց – Սեւ ծով» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի նախագիծը կեանքի կոչելուն մէջ: Էսլամի խօսեցաւ Հայաստանի հետ ինքնաշարժներու եւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը ընդլայնելու, «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհի հարաւային հատուածներու կառուցման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուելու իրանեան կողմին հետաքրքրութեան մասին:
Այս պարունակին մէջ, կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքներու բարեկարգման վերաբերող ծրագիրներուն մէջ իրանեան ընկերութիւններուն մասնակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն շուրջ:
Սուրէն Պապիկեան զրուցակիցին մանրամասնութիւններ տուաւ Հիւսիս-Հարաւ ուղիի Սիսիան-Քաջարան եւ Քաջարան-Ագարակ հատուածի նախագծման եւ շինարարութեան մեկնարկին վերաբերեալ: Ընդգծելով շինարարարական որակի բարձր չափանիշներու ապահովումը՝ նախարարի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ պետական միջոցներու ներգրաւումը ծրագիրին մէջ լաւ նախադրեալներ պիտի ստեղծէ արտասահմանեան, նաեւ՝ իրանեան շինարարական ընկերութիւններու ներկայացուածութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարանցիկ բեռնափոխադրութեան գործընթացին մէջ ընթացակարգերու պարզացման եւ կանոնակարգման վերաբերող հարցերուն: