Ալեքսանտր Կրիպայէտով հայ ժողովուրդի բարեկամ, ռուս բանաստեղծ, դիւանագէտ: Արձանի բաղադրութիւնը՝ պազալտ եւ կրանիթ, հեղինակ` Յովհաննէս Բեջանեան, ճարտարապետ Սպարտակ Կնտեխցեան։
Տեղադրուած է Տիգրան Մեծ եւ Խանջեան փողոցներու խաչմերուկը` Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին դիմաց:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: