Միքայել Նալպանտեան – հայ գրող, հրապարակախօս, փիլիսոփայ, յեղափոխական դեմոկրատ, հայ ռեալիստական գեղագիտութեան եւ քննադատութեան հիմնադիր։
Արձանի բաղադրութիւն՝ պրոնզ եւ կրանիթ, հեղինակ` Նիկողայոս Նիկողոսեան, ճարտարապետ՝ Ջիմ Թորոսեան։
Տեղադրուած է 1965 թուականին Օղակաձեւ այգիին մէջ, Խանջեան եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին։
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: