Բարձրաքանդակը կը գտնուի Մոսկովեան փողոց. 40, Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի յենապատին, աստիճաններէն ձախ: Տեղադրուած է 1971թուականին:
Հեղինակ` Ղուկաս Չուբարեան:
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: